ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մարդուն համար հաճոյալի ամէն բան սիրելի է: Ո՞վ պիտի ուզէր տրտմութեամբ անցընել իր կեանքը կամ հեռու մնալ երջանկութենէ եւ հաճոյքէ, երբ այդ բոլորը կը նկատուին մարդկային կեանքը երկարատեւ դարձնող երեւոյթներ: Այսպէս, երբ հաճելի խրախճանքէ ու ճոխ մթնոլորտի մէջ ապրուած քանի մը ժամերէ դուրս գան, ոմանք անկեղծ խոստովանութեամբ կ՛ըսեն. «Այսօր կեանքս տասը տարիով երկարաձգուեցաւ»: Խորքին մէջ ո՛չ մէկ բան փոխուեցաւ: Ինչ որ սահմանուած է իրեն համար իբրեւ կեանքի տեւողութիւն, այդքա՛ն պիտի ապրի ան, սակայն հոգեկան գոհունակութիւնը եւ բաւարարուածութեան այն խոր զգացումը, զորս ան ունեցած է այդ քանի մը ժամերուն ընթացքին, ա՛յդ տպաւորութիւնը թողած են իր վրայ:
Կեանքի հաճոյքներու մասին խօսած ատեն երբեմն այնպէս կը թուայ, թէ անոնց ցուցակը անվերջանալի է: Հաճոյքներն ալ ճաշակի հարց դարձած են այլեւս: Անոնք ուղղակի կ՛առնչուին մարդու խառնուածքին ու մանաւանդ ստացած ընկերային ու ընտանեկան դաստիարակութեան: Հաճոյքներն ալ երբեմն ժառանգական են: Ծնողները այն բանէն, որմէ հաճոյք կը ստանան, զաւակներուն ճաշակն ալ այդ ուղղութեամբ կը զարգանայ, ու այդ հաճոյքներուն վրայ կոփուելով կը կաղապարուի: Ճանչցած եմ ինքնաշարժ սիրող ու անոր ամէնէն նոր տեսակներուն հետամուտ ծնողներ, որոնց զաւակները, դեռ շա՜տ մատղաշ իրենց տարիքէն նոյն սէրը ունեցած են եւ նոյնիսկ գերազանցած են իրենց ծնողները այդ բնագաւառէն ներս:
Հաճոյքները նախընտրութեան հարց են նաեւ: Անոնք կրնան բազմազան ու տարաբնոյթ ըլլալ, սակայն անոնց մէջ ալ կարելի է տեսնել «նուիրապետութիւն» կամ անոնցմէ ոմանց ալ կարելի է տալ նախապատուութիւն:
Հաճոյք բառը ինքնին միշտ ժխտական իմաստով ըմբռնուած է: Մէկուն մասին «հաճոյքը սիրող է» երբ ըսուի, ընդհանրապէս կը հասկցուի անոր զեղխ կեանքով ապրիլը, շռայլութիւնը, մոլութիւններու մէջ ինկած ըլլալը եւայլն: Մինչդեռ հաճոյք բառը ինքնին չէզոք իմաստով գոյութիւն ունի մեր լեզուի բառարանին մէջ ու բնա՛ւ դրական կամ ժխտական գունաւորում չունի, եթէ անոր կողքին չդնենք այդ հաճոյքը որակող օժանդակ բառ մը: Օրինակ, երբ դրական իմաստով պիտի գործածենք հաճոյք բառը, անոր քով դրուած բառը պէտք է դրական երեւոյթ ներկայացնէ, ինչպէս՝ ընթերցանութեան հաճոյք, պարելու հաճոյք, երաժշտութիւն ունկնդրելու հաճոյք: Իսկ երբ ժխտական իմաստով պիտի գործածենք նոյն բառը, անոր կողքին դրուած բառը պէտք է բացասական երեւոյթ ներկայացնէ, ինչպէս՝ տանջելու հաճոյք, շաղակրատելու հաճոյք, բամբասելու հաճոյք եւ այլն:
Երկու պարագաներուն ալ զգացուած հաճոյքը, դրական եւ ժխտական գունաւորումներով, զայն զգացող մարդու նկարագիրին ու կազմաւորման բարացուցիչը կը դառնայ:
Հետաքրքրական է, թէ ժամանակի հասկացողութիւնը եւս փոփոխութիւն կը կրէ, երբ մարդ հաճոյք կ՛առնէ իր գործած արարքէն: Օրինակ, ընթերցանութենէն հաճոյք ստացող մարդը բնա՛ւ չ՛անդրադառնար թէ ժամե՜ր սահած են այն պահէն, երբ սկսած էր կարդալու գիրք մը: Նոյնպէս ալ բամբասողը յանկարծ կ՛անդրադառնայ, որ օրը երեկոյացեր է, ու ինք տակաւին չէ՛ աւարտած բամբասանքի իր նիւթը:
Հաճոյքի սահմանումը կատարելու համար այսքան երկա՜ր ներածական կատարեցինք, ցոյց տալու համար թէ կեանքի հաճելի երեւոյթներու մասնաւոր ցուցակ կարելի չէ՛ կազմել: Ատիկա կը թողունք իւրաքանչիւրի սեփական ճաշակին: Սակայն, փոխաբերական իմաստով օգտագործուող ընդհանրական հաճոյքներ կան, որոնք բարոյախօսութեան ճամբով հասարակաց կը դառնան համայն մարդկութեան համար:
Հայկական առածանին հարուստ է բարոյախօսական խրատներով: Այնտեղ մասնաւոր շեշտ կը դրուի մարդոց նախընտրութիւններուն, սակայն անոնց կողքին միշտ կ՛աւելցուի բարոյական մարդուն պատշաճ կենցաղակերպը: Առածի բարոյախօսութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ ամէն մարդ կը սիրէ նոր եփուած ճաշին երեսը ուտել, ինչպէս կը սիրէ ուտել եփուած փիլաւին յատակը, ուր բրինձը ամբողջութեամբ իւղալի կ՛ըլլայ ու փափուկ: Սակայն իր այս նախընտրութիւններուն կողքին, մարդուն համար սիրելի պէտք է ըլլայ նաեւ կռիւին վերջը:
Խաղաղարարութեան մասին սքանչելի բարոյախօսութիւն կայ այս առածին մէջ, ուր մարդուն համար հաճելի առաջին երկուքը դնելէ ետք, բարոյախօս առածագիրը կ՛աւելցնէ մարդոց միջեւ հակառակութեան ու կռիւի դադրելուն պատճառով ցանկալի հաճոյքը: Բարոյական մարդը պէ՛տք է հաճոյք ստանայ հակառակութեան վերանալէն եւ ո՛չ թէ աւելիով հրահրէ բռնկած կացութիւնը: Եթէ կը սիրես առաջին երկուքը, ու այդպիսով դուն քեզ չե՛ս տարբերեր նմանէդ, ուրեմն սիրէ՛ նաեւ երրորդը՝ կռիւին վերջանալը, խաղաղութեան հաստատումը, քո՛ւ իսկ ձեռքովդ: Խաղաղարարի առաքինութիւնը քիչերուն տրուած յատուկ շնորհք է: Տեսնուած է, թէ ինչպէս ոմանք երկու կռուող անձերու միջեւ նոյնիսկ հաշտատարի իրենց դերակատարութեան ընթացքին հարուածներ կը ստանան ու կը տուժեն:
Քաղաքակիրթ ներկայ աշխարհը, հակառակ իր ապրած յառաջդիմութիւններուն ու մագլցող գիտական զարգացումներուն, հակամարտութիւններէն չափազանց հաճոյք կը ստանայ: Ահա սովորական «հաճոյք» բառը, որուն քով երբ դրինք հակամարտութիւն բառը, զայն վերածեց բացասական զգացումի, անկանխատեսելի հետեւանքներով:
Ինչո՞ւ մարդիկ, պետութիւններ, կառավարութիւններ կամ անուն եւ անանուն խմբակցութիւններ հաճոյք պէտք է ստանան հակամարտութենէ, մարդասպանութենէ կամ ահաբեկչութենէ: Ասոնք այնպիսի երեւոյթներ են, որոնցմէ հաճոյք առնելը ինքնին մեղք է ու աստուածային պատիժի արժանի, որովհետեւ հաճոյքի առարկան այս պարագային ո՛չ թէ միայն Աստուածաստեղծ մարդն է, այլ նաեւ անոր թանկագին կեանքը:
Աշխարհի ստեղծագործութեան ժամանակաշրջանի աստուածաշնչական պատմութենէն գիտենք, թէ երբ Կայէն նախանձի հետեւանքով իր եղբայրը՝ Աբէլը սպաննեց, մարդուն մէջ արթնցաւ իր նմանը ոչնչացնելու վատ հաճոյքը: Եթէ մէկը չեմ սիրեր, այդ չի՛ նշանակեր թէ պէտք է անպայման զայն սպաննեմ: Իմ իրաւասութեանս մէջ չէ՛ անոր կեանքին որեւէ միջամտութիւն կատարելը: Սակայն, կարելի՛ է յօրինել հաճոյքի տարբեր պատճառներ, որոնք դարձեալ կրնան մեր նմաններուն հետ առնչուած ըլլալ: Կարեկցութիւնը մեզմէ աւելի թշուառներուն՝ այնպիսի՛ հաճոյք կրնայ պատճառել, որ համազօր է եփած ճաշին երեսը, իսկ փիլաւին յատակը ուտելուն: Եթէ ունիս այդ ախորժակը, ուրեմն կռիւին վերջն ալ սիրէ՛ ու կարեկցութիւն ցուցաբերէ՛ ուրիշին: