
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրի ծիրին մէջ այս օրերուն Հայաստան կը գտնուի ամերիկացի գրողներու խումբը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ անուանի գրող, հրապարակախօս ու գրականագէտ Փիթըր Պալաքեանը, որ յատկապէս նշանաւոր է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած իր գիրքերով («Այրող Տիգրիսը» եւ «Ճակատագիրի Սեւ Շունը»)։
«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Պալաքեան բարձր գնահատեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աջակցութեամբ իրականացուող այս ծրագիրը՝ յոյս յայտնելով, որ ծրագիրի ծիրին մէջ հայ գրողները նոյնպէս Միացեալ Նահանգներ կ՛այցելեն:
Փիթըր Պալաքեան նշեց, որ ժամանակից հայ գրականութեան, ցաւօք, ծանօթ է այնքանով, որքանով անիկա թարգմանուած է անգլերէնի: Ան աւելցուց, որ իր վերջին գիրքին մէջ ամփոփուած են իր գրականագիտական յօդուածները՝ նուիրուած Չարենցին, Սիամանթոյին, Սեւակին եւ միւս հայ դասականներուն:
«Ես ծաւալուն յօդուածներ գրած եմ Չարենցի, Սիամանթոյի, Թեքէեանի մասին: Ես իմ ուսանողներուս Սեւակ կը կարդամ: Ներկայիս կ՛ուսումնասիրեմ նաեւ հայ դասականներու ստեղծագործութիւնները եւ իմ նոր գիրքիս մէջ ամփոփած եմ այդ առնչութեամբ իմ լաւագոյն յօդուածներս», յայտնեց Փիթըր Պալաքեան: