
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ես հպարտ եմ Նարեկ Սահակեանով: Ո՞վ է այս երիտասարդը:
Սահմանամերձ Բաղանիս գիւղի համայնքի պետն է, պատմաբան, դաշնակցական: «Ֆէյսպուք»էն եղած է մեր ծանօթութիւնը: Հայկական գիւղի, մանաւանդ սահմանամերձ շրջաններու բնակավայրերու վիճակը մեզ որոշ պատկերացում մը կը պարտադրէ այդ համայնքներու ղեկավարներուն մասին: Նարեկը նոր ոճ, իսկական թարմութիւն կը բերէ այս ոլորտին մէջ:
Այս երիտասարդը իր գիւղի խնդիրները լայնագոյն հանրութեան հասցնելու միջոցներ կը փնտռէ, կը ջանայ հեռաւոր շրջաններու ազգակիցներ իրազեկ դարձնել Բաղանիսի կարքիներուն մասին եւ զանոնք մասնակից դարձնել գիւղի բարօրութեան նպաստող աշխատանքներուն:
Դարձեալ «Ֆէյսպուք»էն կարելի է հետեւիլ (նկարներով) Նարեկ Սահակեանի կոչերուն պատասխանող հայորդիներուն օժանդակութեամբ իրականացուող ծրագիրներու գործադրման ու տեսնել անոնց արդիւնքները: Նուիրատուներու վստահութիւնը շահելու եւ անոնց հետագայ գործակցութիւնը կրկին ապահովելու լաւագոյն ձեւն է ասիկա, թափանցիկ աշխատաոճ, որ շատ հազուագիւտ է հայկական իրականութեան մէջ:
Այս նոյն թափանցիկ գործելաոճին մէկ այլ արտայայտութեամբ, գիւղապետը մամուլով եւ «Ֆէյսպուք»ի իր էջով երկամեայ տեղեկագիր մը ներկայացուցած է իր տարած աշխատանքներուն մասին՝ կէտ առ կէտ արձանագրելով 2013 եւ 2014 տարիներուն գիւղի եւ նուիրատուներու միջոցներով իրականացած ծրագիրները՝ աղբամաններու զետեղումէն մինչեւ խմելու ջուրի գիծ քաշելը, մինչեւ իսկ գիւղատնտեսական շուկայի կառուցումը:
Դուք ալ կրնաք կարդալ այս հաշուետուութիւնը: Ընդդամէնը պէտք է «Ֆէյսպուք»ի ընկեր դառնալ Նարեկ Սահակեանի հետ: Կրնաք նաեւ ուղղակի կապուիլ իրեն հետ՝ գրելով baghanis.tavush@mta.gov.am հասցէին: Երանի այս ձեռներէց երիտասարդի օրինակը վարակիչ ըլլայ ու երիտասարդներ մնան իրենց ծննդավայր գիւղին մէջ եւ գիւղի սահմանները ընդարձակեն աշխարհով մէկ: