
«Ազդակ» օրաթերթը Լեւոն Գաթըրճեանի մեծարանքի երեկոյի մասնին իր լրատուութիւնը կը սկսի հետեւեալ նկարագրութեամբ. «Երկար տասնամեակներէ ետք, լիբանանահայ երաժշտասէր հանրութիւնը, Երեքշաբթի, 21 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8ին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ վերյիշեց ու ապրեցաւ Լիբանանի նախապատերազմեան 1960ական ու 1970ական թուականներու մշակութային քաղցր յիշատակները: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ միութենական ներկայացուցիչներու ներկայութեան Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած հանրայայտ երգիչ Լեւոն Գաթըրճեանի մեծարանքի երեկոն իւրայատուկ նախընթաց մը եղաւ լիբանանահայ մշակոյթի վերակենդանացման առումով»:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Ալին Նաքքաշեան, որ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով ողջունեց ներկաները՝ ներկայացնելով օրուան մեծարեալ արուեստագէտ Լեւոն Գաթըրճեանի հակիրճ կենսագրականը: Յիշելով, որ 2005ին Արամ Ա. վեհափառին կողմէ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրուած է մեծարեալը, Նաքքաշեան երախտագիտական խօսքեր ուղեց անոր եւ Սեդօ Պաղտասարեանին, իրենց բերած ներդրումին համար հայ մշակոյթի ծաղկումին մէջ: Ապա ան բեմ հրաւիրեց Գաթըրճեանը: Ներկաներու բուռն ծափողջոյններուն ներքեւ Լեւոն Գաթըրճեան բեմ բարձրացաւ ու իր երբեմնի շատ սիրելի ազգային ու ժողովրդական երգերով մեծապէս խանդավառեց ներկաները, որոնք իւրաքանչիւր երգին ծափերով անոր կրկնութիւնը պահանջեցին: Ապա խօսք առաւ օրուան բանախօս, հրապարակագիր եւ գրող բժիշկ Թորոս Թորանեան, որ ամփոփ կենսագրականով մը ներկայացուց եւ յիշեցուց Լեւոն Գաթերճանի ներդրումը հայ երաժշտութեան մէջ՝ ընդգծելով, որ «Լեւոն Գաթըրճեանը մեծարելով՝ կը մեծարենք հայ երգին ուժը, առաքելութիւնը»: Ան նշեց, որ Գաթըրճեանի երաժշտական «գանձանակը» կ՛ընդգրկէ շուրջ հինգ հարիւր երգեր: Բարձր գնահատելով թրքախօսութեան դէմ Գաթըրճեանի «երաժշտական» պայքարը՝ Թորանեան յիշեցուց, թէ Եղեռնի սերունդին մեծ մասը թրքախօս էր, որովհետեւ հայկական կարգ մը շրջաններու մէջ, ինչպէս՝ Այնթապի մէջ, թուրքեր լեզուները կը կտրէին բոլոր անոնց, որոնք հայերէն կը խօսէին, իսկ կարգ մը այլ շրջաններու մէջ, ինչպէս Կիւրինի մէջ, թուրքերը իրե՛նք հայերէն կը խօսէին: Թորանեան թուեց այդ շրջանին երաժշտական մարզին մէջ իրենց ներդրումը բերած դէմքեր, ինչպէս՝ Աշոտ Պատմագրեան, Բարսեղ Կանաչեան եւ շատ ուրիշներ: Ան նաեւ մէջբերեց դէպք մը, ուր անգլիացի միսիոնարներէն պատուելի մը, 12 հայ մանկատի որբուհիներ կը տանի «փրկելու» համար զանոնք եւ թէ ինչպէ՛ս օր մը Թորանեան նշեալ պատուելիի տան մէջ կը հանդիպի այդ 12 որբուհիներէն մէկուն՝ Շուշանին, որ հայերէն չէր գիտեր, բայց կ՛երգէր «Գետակի վրայ թեքուել է ուռին» միակ երգը, որ կը կամրջէր նշեալ որբուհիները, առանց իսկ այդ երգին իմաստը հասկնալու: «Ահա հայ երգին ուժը», ընդգծեց Թորանեան:
Այս առիթով իր սրտի խօսքը ըսաւ նաեւ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ իր կարգին դրուատեց Լեւոն Գաթըրճեանի երաժշտական երկարամեայ վաստակը՝ նշելով , որ ինք հոն ներկայ է յատկապէս Արամ Ա. վեհափառին թելադրանքով եւ «ստուգելու», թէ Գաթըրճեան իր կուրծքին կը կրէ՞ր վեհափառ հայրապետին իրեն պարգեւած շքանշանը: «Գաթըրճեան ուխտաւորի ջերմեռանդ ուղեւորութեամբ դէպի Լիբանան կը վերադառնայ ու այսօր աւելի կայտառ է եւ մեծ պատրաստակամութեամբ տրամադիր է շարունակելու իր առաքելութիւնը», ըսաւ Շահէ եպս. Փանոսեան՝ շնորհաւորհելով մեծարեալը եւ մաղթելով, որ ան երկար մնայ հայ երգի բեմին վրայ: Սրբազան հայրը նաեւ բարձր գնահատեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան այս նախաձեռնութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր: Իր կարգին, երգերու իր ներկայացման մէջ մերթ ընթ մերթ ներկաներուն ուղղելով իր խօսքը, Գաթըրճեան յայտնեց, թէ ինք վերանորոգ ոգիով տրամադիր է շարունակելու իր սկսած առաքելութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ի պատիւ այս ձեռնարկին նախաձեռնողներուն եւ կազմակերպողներուն: «Արուեստի իմ առաջին քայլերս հոս առի եւ հոս կը վերադառնամ», շեշտեց ան: Ապա սրբազան հայրը, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեպուհ Այնթէպլեան յատուկ յուշանուէրով մը պատուեցին մեծարեալը: Այս առիթով ներկաներուն ցուցադրուեցան Գաթըրճեանի Երեւանի մէջ ունեցած մէկ երգահանդէսէն հատուածներ եւ այս առիթով իրեն հասցէագրուած գնահատանքի ու մեծարանքի խօսքերը: Աւարտին մէկէ աւելի ներկայացուցիչներ ծաղկեփունջերով բեմ բարձրացան ու շնորհաւորեցին Գաթըրճեանը: