
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 7ին, Փարիզի մերձակայ Շաւիլ շրջանի եկեղեցւոյ մշակութային յանձնախումբը, եկեղեցւոյ «Պալապանեան» սրահին մէջ կ՛ընդունէր Հայ Դատի նուիրեալ Արա Գրիգորեանը, իր վերջին աշխատասիրութեան՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի կեանքին եւ գործին նուիրուած գիրքին լոյս ընծայման առթիւ: Անիկա կը բաղկանայ երկու հատորներէ. առաջինը յատկացուած է յեղափոխական գործիչ, ՀՅԴի հիմնադիր Քրիստափորի կենսագրութեան, իսկ երկրորդը՝ տեսակ մը «բառարան» է, առաջինին մէջ նշուած շուրջ 500 անուններու կենսագրականներով:
Երեկոյթին բացումը կատարեցին Կրօնական ընկերակցութեան ատենապետ Ժագ Փանոսեան եւ մշակութային պատասխանատուն Հրայր Հրաչեան, որոնք երկուքն ալ յիշատակներ պատմեցին հեղինակին հետ իրենց ունեցած բարեկամութենէն: Ապա Արա Գրիգորեան մանրամասնօրէն պատմեց, թէ ինչպէ՛ս վեց տարիներ առաջ առիթ մը ունեցած էր աւելի մօտէն ծանօթանալու իր իսկ կուսակցութեան հիմնադիրին պայծառ դէմքին եւ որոշած է անոր նուիրել ուսումնասիրութիւն մը: Ատիկա պահանջած է շուրջ 50,000 էջերու ընթերցում ֆրանսերէն, հայերէն՝ նաեւ դժուարին սովետական ուղղագրութեամբ: Եւ արդիւնքը այսօրուան այս երկու հատորներն են իրենց 500 էջերով (320 եւ180), որոնց ընդմէջէն կը յայտնուին դաշնակցական այս գործիչին լայն մտասեւեռումները եւ լայնախոհութիւնը, որոնք իրեն ապահոված են մեծ յարգանք, նոյնիսկ՝ քաղաքական իր հակառակորդներէն:
Քրիստափոր Միքայէլեան ծնած է Ագուլիս, Նախիջեւանի Գողթն գաւառին մէջ, 1859ին: Կանուխէն որբացած, ան խորապէս պիտի ազդուէր 1885ին Ալեքսանտր Գ. ցարին կողմէ Կովկասի հայկական բոլոր դպրոցները փակելու որոշումէն: Այնուհետեւ, ան իր կեանքը պիտի նուիրէր իր ազգի ազատագրումի պայքարին, զայն փրկելու համար ցարական ճնշումներէն եւ օսմանեան լուծէն. 1890ին Ստեփան Զօրեանի (Ռոստոմ) եւ Սիմոն Զաւարեանի հետ պիտի հիմնէր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը: Այս արդար դատը Եւրոպայի մէջ լսելի դարձնելու համար Ֆրանսայի մէջ ալ պիտի ստեղծուէր «Փրօ-Արմէնիա» շարժումը, որուն նախագահութիւնը պիտի ստանձնէր իր բարեկամը՝ Փիէր Քիյարը, ապա պիտի հիմնուէր «Դրօշակ» թերթը, տարածելու համար կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը:
1904ին, կուսակցութեան Ընդհանուր ժողովին կ՛որոշուի չէզոքացնել Ապտուլ Համիտ Բ.ը, որ 1896 եւ 1897ին 300,000 հայերու սպանութեան պատասխանատուն էր: Այդ մահափորձի պատրաստութիւններուն ընթացքին է, որ Քրիստափոր կը նահատակուի 1905 Մարտ 5ին՝ որպէս հետեւանք իր պատրաստած ռումբին արկածով պայթումին: Իր շիրիմը կը գտնուի Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի հանրային գերեզմանատան մէջ:
Տարիներու տքնաջան աշխատանքի արդիւնք այս գործէն կը յայտնաբերենք իսկապէս եզակի անձնաւորութիւն մը, որ ինչպէս եզրակացուց Արա Գրիգորեան՝ «եթէ այսօր ապրէր, պիտի կարենար կարգել հուրն ու ջուրը»:
Երեկոյթը վերջ գտաւ քանի մը հարցումներով, ապա զրոյցները շարունակուեցան բարեկամական բաժակներու շուրջ, մինչ հեղինակը կը մակագրէր իր գիրքը: