
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այս օրերուն, եւ որովհետեւ բազմացած են մեր ազգային գոյութեան սպառնացող վտանգները, ազգովին կը գտնուինք ճակատագրական հանգրուանի մը սեմին: Արցախ, Հայաստան, բազմաշերտ Սփիւռք, Հայ Դատ, Սուրիա, Լիբանան, Հալէպ, Թուրքիա, Ատրպէյճան, սահմանային հարցեր եւ Ցեղասպանութեան ճանաչում եւայլն, ալ դուք հաշուեցէ՛ք, ամէնօրեայ մեր հեւքին մաս կը կազմեն արդէն: Նորութիւններ չեն: Ճիշդ այդպէս: Աշխարհը այլեւս բաց գիրք է, ամէն մարդ կրնայ իր մատներով թղթատել զայն: Այլեւս չկայ հեռու կամ մօտ, իմս կամ քուկդ: Սակայն եւ այնպէս այս բոլորին դիմաց կայ հետեւեալ հարցումը. ո՞վ է ամէն օր նման հարցերով զբաղողը եւ մեզի ուղեցոյց եղողը: Ո՞վ է մեր ազգային ցաւերն ու խոցելի կէտերը մատնանշողը, մեր արարքները գնահատողն ու քննադատողը, եթէ ոչ ի՛նք, մեր գաղութի կամ աւելի ճիշդ Հիւսիսային Ամերիկայի միակ հայ ամէնօրեայ մամուլի ներկայացուցիչ «Ասպարէզ» օրաթերթը:
Անիկա է, իբրեւ հայ քաղաքական միտքի արդար ծնունդ, որ հասած է եւ տակաւին առանց խտրականութեան ոչ միայն կ՛արձագանգէ մեր գաղութի ներքին կամ հրապարակային բոլոր նախաձեռնութիւններուն, այլ նաեւ ազգային, մշակութային ու քաղաքական հարցերու կողքին, հոգեկան հաճոյքի ապրում ալ կը բերէ իր հետ:
Անիկա է, որ մեզի հետ կ՛ապրի, մեզի հետ կ՛ուրախանայ: Մեզի հետ կը տխրի: Մէկ խօսքով, մեզի համար անիկա մեր եւ համայն հայութեան պատկերն ու հայելին է: Հոն է, որ մենք զմեզ կը փնտռենք, կը տեսնենք ու կը հանդիպինք ու կը ծանօթանանք մեր առօրեայ մթնոլորտին, ազգային եւ միջազգային անցուդարձերու իրավիճակներուն, ընկերային, գրական եւ գեղարուեստական ելոյթներուն , քաղաքական եւ մշակութային մեր համոզումներուն եւ ճաշակներուն:
Անոր համար իր նպատակը մեր սիրտին շատ մօտ է: Իր գոյութիւնը վկայութիւնն է տարուած աշխատանքին ու զոհաբերութեան: Խմբագիր կամ աշխատակից, պաշտօնեայ կամ թղթակից:
Ու գաղտնիք մը չէ, թէ «Ասպարէզ» օրաթերթը նաեւ յատուկ տեսիլք ալ ունի: Սոսկ լուրեր արձագանգող մը չէ: Մեծ պատուհան մըն է, մեր աշխարհին նայող: Հայաստան, եկեղեցի, Սփիւռք, հայ մշակոյթ եւ հայ դպրոց իրեն համար մնայուն արժէքներ ըլլալով հանդերձ, անոնց մասին կը խօսի եւ անոնցմով կը տագնապի ու կ՛ուրախանայ:
Որովհետեւ, հաւատացէ՛ք, օր մը առանց իրեն եւ կամ առանց հայ մամուլին, մենք մեզ անմշակ կրնանք գտնել, ներկայ կայքէջերու, «Ֆէյսպուք»ներու կամ համացանցային այլ նորութիւններու սպասարկութիւններուն ներկայութեան: Բոլոր այս նշեալները գործնականապէս չեն կրնար մեր ազգային ցաւերն ու խոցելի կէտերը մատնանշել, մեր արարքները գնահատել եւ քննադատել ու դառնալ ստեղծագործ իրականութիւն մեր բոլորին տուներէն ներս:
«Ասպարէզ». մեր գաղութի հայ հողին նետուած աղուոր տունկ մը, որ աւելի քան մէկ դարէ ի վեր տարածած է իր արմատները: Շունչ կայ իր էջերուն վրայ: Նկարագիր կայ տողերուն մէջ: Հեռու է սովորական չափանիշներէ, որովհետեւ վերջ ի վերջոյ յանձնառութիւն ունի:
Ու եթէ իրապէս մեր այս օրաթերթին մէջ մենք միշտ փնտռած ենք ու տակաւին կը փնտռենք մեր ընդհանրական կեանքը, մեր ազգային պայքարին, գոյատեւման հարցերուն զանազան պատկերները, ուստի իբրեւ երախտապարտներ, մեր էական պարտականութիւնն է, որ լիովին զօրավիգ կանգնինք ու նպաստենք անոր գոյատեւման աշխատանքներուն ու ճիգերուն:
Մեր պարտականութիւնն է հոգ տանիլ անոր, բարգաւաճ դարձնել ու պահել, նիւթապէս զօրավիգ կանգնիլ:
Թէեւ, պատիւ իրենց, մեզմէ շատեր, առիթներով, իրենց գնահատանքը եւ նիւթապէս ու բարոյապէս զօրակցութիւնը յայտնած են եւ կը շարունակեն յայտնել, սակայն տօնական ամիսներու այս նախօրեակին կը կարծեմ, որ ժամանակն է, որ մենք բոլորս՝ բաժանորդ կամ պարզ ընթերցող, նորոգենք մեր այդ գիտակցութիւնը:
«Ասպարէզ»ին յատկապէս ու ընդհանրապէս հայ թերթին առջեւ մեր դռները բաց պահենք, որպէսզի անոնք որբ չմնան, իրենց հաստատ ընթացքն ու հրապոյրը չկորսնցնեն եւ մանաւանդ ամէնօրեայ իրենց վազքին ընթացքին չմաշին, չկքին ու չյուսահատին:
Այլ խօսքով, գոնէ տարին անգամ մը երախտապարտօրէն յիշենք «Ասպարէզ»ը: Այցելենք խմբագրատուն: Մօտէն ծանօթանանք անոր բոլոր կարիքներուն: Բաժնեկից դառնանք իր ուրախութիւններուն: Ըսի ու կը կրկնեմ, գէթ տարին անգամ մը այն յիշելով՝ իր բազմազան դժուարութիւնները կիսենք, մեր դրական մօտեցումով եւ գործնական արարքներով:
Եկեղեցի, դպրոց, կեդրոն կը հիմնենք, կը շինենք եւ կը պահենք: Նաեւ յիշենք, որ ունինք հոս մեր միակ օրաթերթը: Յանձնառու ըլլանք, եւ այս մէկը կ՛երթայ ոչ միայն զինք կեանքի կոչողներուն, այլ բոլոր անոնց, որոնց կը մատուցուի: Իրականութիւն է, որ աշխարհի կարգ մը հսկայ օրաթերթեր ներկայիս կ՛ապրին լուրջ տագնապներ, որոնք կը վտանգեն ու նոյնիսկ շատերու պարագային վտանգած են անոնց գոյութիւնը: Ու մեր «Ասպարէզ»ը անմասն չէ այս վտանգէն:
Եւ որպէսզի անիկա մնայ իր հայ մամուլի կոչումին վրայ, կը կարծեմ, որ մեր ուսերուն վրայ կ՛իյնայ իբրեւ սրբազան պարտաւորութիւն, տարին անգամ մը յիշել զայն, իրմով ուրախանալ եւ ուրախացնել, որպէսզի անիկա դառնայ աւելի ուժեղ եւ յաջողութեամբ շարունակէ հասարակական առողջ կարծիք մշակելու իր ճանապարհը:
Տարին անգամ մը զայն ուրախացնենք մեր դրական տրամադրութիւններով, որպէսզի անիկա այս հոսող ժամանակին դէմ թիավարէ հոսանքն ի վեր:
Հաւատացէ՛ք, սրտի անհուն գոհունակութիւն կը պատճառէ անանձնական ուրախութիւնը:
Փորձեցէ՛ք: