ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 5ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի «Աղաճանեան» սրահին մէջ, շուրջ 400 ներկաներ վայելեցին իր տեսակին մէջ բացառիկ գեղարուեստական երեկոյ մը՝ կատարողութեամբ վարժարանիս 4րդ դասարանի եւ միջնակարգ-երկրորդականի երեսնեակ մը աշակերտներու: Այդ օրը հայ մշակոյթն էր ի պատուի, որ շուրջ մէկ ժամ ներկայացուեցաւ խօսքով, ասմունքով, երգով, պարով եւ նուագով՝ երեւան բերելով մեր աշակերտութեան թաքնուած տաղանդները եւ հայրենասիրական ոգին:
Երեկոն տօնական էր: Նախ ելոյթ ունեցաւ դպրոցի նուագախումբը՝ ղեկավարութեամբ Քրիստինա Խոջոյեանի: Ապա, Հրաչ Սեփեթճեան կատարեց բացման խօսքը եւ սահիկներու ցուցադրութեամբ մեծարեց Վարդուհի Գոճայեանը՝ վարժարանիս մատուցած երկար տարիներու իր ծառայութիւններուն համար, ապա խօսքը փոխանցեց վարժարանիս հոգաբարձութեան նախկին անդամ, հասարակական եւ միութենական աշխոյժ գործիչ տոքթ. Վիգէն Կիւլվարդեանին: Վերջինս, որպէս ՎարդուհիԳոճայեանի երկար տարիներու գործակիցը՝ մանաւանդ որպէս դպրոցական «Փառատօն»ներու կազմակերպիչներ, վեր առաւ մեծարեալին շնորհքները որպէս հաղորդավար, դերասան, կազմակերպիչ եւ առողջ դատողութեան մարմնացում:
Ապա, հոգաբարձութեան կազմի ատենապետ Սինան Սինանեան, տնօրէն Յակոբ Յակոբեան, փոխտնօրէնուհի Անահիտ Նալպանտեան, Ծաղկոցի տնօրէնուհի Թագուշ Խոդաբախշեան, տոքթ. Վիգէն Կիւլվարդեան եւ Վարդուհի Գոճայեան բարձրացան բեմ, ուր տեղի ունեցաւ յուշանուէրի տուչութիւն եւ յիշատակի լուսանկար:
Յուզիչ ու գօտեպնդիչ էին Վարդուհի Գոճայեանի սրտի եւ շնորհակալութեան խօսքերը: Ան յիշեց դպրոցական աշխատանքային տարիները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընձեռուած այս առիթին համար:
Յայտագիրի երկրորդ մասով, աշակերտութեան կողմէ 40 վայրկեան անընդհատ հնչեց հայերէն խօսքը, հայ երգն ու պարը, ասմունքը: Սրահը մագնիսացած հետեւեցաւ գեղարուեստական բացառիկ յայտագիրին, ուր ականատեսն ու ունկնդիրը եղաւ հայ անուանի բանաստեղծներու գործերէն հատուածներու, զուգերգի ու մեներգի, պարի ու մենապարի՝ այս բոլորը իրարու շաղկապուած թատերական գեղեցիկ պատկերներով:
Կը շնորհաւորենք Հայերէնի բաժանմունքի բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, մանաւանդ՝ գեղարուեստական յայտագիրի զոյգ ճարտարապետները՝ Ռոզալին Մատոյեանն ու Մարալ Ոսկեանը, ինչպէս նաեւ երգ-երաժշտութեան ուսուցչուհիներ Քրիստինա Խոջոյեանն ու Արուս Անդրէասեանը:
Հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին, աշակերտութեան եւ ծնողներուն կողմէ մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները՝ վարժարանի քարտուղարութեան երկար տարիներու նուիրեալին՝ Վարդուհի Գոճայեանին: Վարձքդ կատա՛ր: