
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան ԱՄՆի մէջ գործող Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ գործադիր մարմինի (ՍԱՐՖ) կազմակերպութեամբ եւ կատարողութեամբ դոկտ. Մարի Ռոզ Աբուսէֆեանի Նոյեմբեր 19, 2014ին, Կլենտէյլի մէջ 400 մշակութասէր ունկնդիրներու ներկայութեամբ իրականացաւ թատերական արուեստի երեկոյ մը՝ ի նպաստ տասնեակ հազար սուրիահայերու, որոնք տակաւին կ՛ապրին պատերազմի արհաւիրքին մէջ։
ՍԱՐՖի ատենապետ Ժան Թիթիզեան, բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ վերահաստատեց, թէ «այնքան ատեն, որ կան հայեր, որոնք կարիք ունին, պիտի օգնե՛նք»:
Անզուգական իր արուեստով, դոկտ. Աբուսէֆեան «Տիգրան Մեծ» արքայից արքայ պատմական ժամանակաշրջանը ներկայացուց՝ հայ ժողովուրդի անցեալի ու ներկայի քաղաքական ներկայացուցիչներու համեմատական չափանիշներով եւ իր մասնագիտական մենակատարութեամբ, ապրեցաւ եւ ապրեցուց բարձրորակ արուեստի ծարաւ ներկայ հանդիսատեսը: Վաստակաշատ արուեստագիտուհին, որ ծնած է Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը, ազգային ու քաղաքացիական ազնիւ պարտաւորութեամբ մը, իր պատրաստակամութիւնը յայտնած էր իր իսկ արուեստի ճամբով, նիւթաբարոյապէս օժանդակելու իր հայրենակիցներու տագնապը մեղմացնելու բարեգործութեան:
Ծափողջոյններով հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին. բեմ բարձրացան ՍԱՐՖի անդամուհիներէն Սիլվա Նազարէթեան եւ Սոնա Մատարեան, արուեստագիտուհիին յանձնելով ծաղկեփունջ մը եւ թռչնագիր շնորհակալագիր մը: Հանդիսականները յոտնկայս գնահատեցին ներկայացուած արուեստը եւ համախմբուեցան հին ու նոր ծանօթութիւններով՝ շնորհաւորելու արուեստագիտուհին:
Անգամ մը եւս ՍԱՐՖի ծրագիրը յաջողապէս ծառայեց ազգային բարի նպատակի մը իրագործման:
Ազնիւ ու գիտակից հայրենակի՛ց, բարի վաստակդ առատօրէն տակաւ թող ծառայէ համազգային բարի նպատակներու իրագործման, երբ այսօր սուրիահայ մեր քոյրերն ու եղբայրները պատերազմի տագնապին մէջ, իրենց ազգային հաւատքին կառչելով՝ կը փորձեն գոյատեւել, վաղուան խաղաղութեան լուսաբացը սպասելով…
Բոլոր նուիրատուներուն վարձքը կատար: Կը խնդրենք, որ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնական այս օրերուն, շարունակէք ձեր ստացած օրհնութիւններէն բաժին հանել մեր սուրիահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Ձեր տուրքէ զերծ նուիրատուութիւնները կրնաք ուղարկել ՍԱՐՖի հասցէով՝ Syrian Armenian Relief Fund, P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209-1948, կամ կայքէջին միջոցով՝
www.syrianarmenianrelieffund.org:
Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինը կազմուած է Օգոստոս 2012ին, հետեւեալ անդամներով.
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմ, Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Թեմ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Մի-ութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն: