ՄՈՍԿՈՒԱ.- «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Զուիցերիոյ մէջ յայտարարած է, որ իր երկիրը Ռուսիոյ հետ ճակատելու կամ զայն մեկուսացնելու նպատակ չի հետապնդեր:
«Միացեալ Նահանգներ եւ այն երկիրները, որոնք կ՛աջակցին Ուքրանիոյ գերիշխանութեան, ճակատումի չեն ձգտիր», յայտարարած է Քերի՝ ԵԱՀԿի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին:
Քերի նշած է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ վստահ է, թէ Ռուսիա «կրնայ վերականգնել վստահութիւնը իրեն նկատմամբ, եթէ խաղաղութիւն վերահաստատէ եւ միջոցներու ձեռնարկէ՝ Մինսկի արձանագրութիւնները կատարելու, Ուքրանիոյ արեւելքին մէջ բռնութեան աջակցութիւնը կանխարգիլելու, զէնքերն ու զինեալները այդտեղէն դուրս բերելու համար»: Ըստ անոր՝ ճակատումը «ոչ ոքի օգուտ պիտի բերէ»:
«Մեր պետութիւնները հասարակաց շարք մը ծրագիրներ ունին եւ շատ հարցեր կ՛ուզեն միասնաբար լուծել, ինչպէս՝ ահաբեկչութիւնը, հիւլէական զէնքերու տարածման զսպումը, համաճարակային հիւանդութիւնները եւ կլիմայի փոփոխութիւնը», նշած է Քերի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.