Թրքական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ թրքական ապահովական ուժերը՝ «Սի.Այ.Էյ.»ի հետ համագործակցաբար, Պոլսոյ մէջ ձերբակալած են Լիպիոյ մէջ «Քայիտա»ի ղեկավար Ապտըլ Պասիթ Ազուզը, որ մեղսակից է Պենկազիի մօտ ամերիկացի դեսպանին սպանութեան:
– «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Լաթվիոյ Քրասլաւա երկրամասի խորհրդարանի նախագահ Կունարս Ուփենիքս յայտնած է, որ Լաթվիոյ ռուսամէտ գործիչները երկրին արեւելեան հատուածին մէջ քարոզարշաւի սկսած են, շրջանը Ռուսիոյ միացնելու ի նպաստ:
– Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան վերջերս ըսած էր, որ Քոլոմպոսէն 314 տարի առաջ իսլամ ծովագնացները հասած էին Ամերիկայի ցամաքամաս։ Էրտողանի արտառոց այս յայտարարութենէն ետք, այլ «յայտնագործութիւն» մը ըրած է Թուրքիոյ գիտութեան, ճարտարարուեստի եւ ճարտարագիտութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք, որ խումբ մը գործարարներու առջեւ ելոյթի մը ընթացքին ըսած է, թէ երկրագունդի կլոր ըլլալը յայտնաբերած են իսլամ գիտնականները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.