
ԵՐԵՒԱՆ.– 18 Դեկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան դիտել տուած է, որ 17 Դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ արձանագրուած դրամանշային ցնցումը պիտի չկրկնուի։
«Երէկ դոլարը գերարժեւորուել էր, արժէզրկուել էր դրամը, բայց հիմա կարծես իրտեղը կը գտնի: Դա տարածաշրջանային զարգացումների արդիւնքում է, որեւէ ներքին տնտեսական խնդիրներ չունենք, մեր բանկերն ունեն այդ ֆինանսական ռեսուրսները: Ես համոզուած եմ, որորեւէ քաղաքացի որեւէ հարցում վնաս չի կրի: Մենք վստահ ենք, որ ապագայում որեւէ ցնցում չի լինի, ինչպէս եղաւ երէկ», յայտնած է վարչապետը։
Նոյն օրը վարչապետ Աբրահամեան անակնկալ այցելութիւններ տուած է Երեւանի հանրախանութները՝ ծանօթանալու սննդամթերքի գիներու տատանումներուն, ինչպէս նաեւ լումայափոխներուն մօտ տիրող վիճակին։
Ան այցելած է «Զովք» եւ «ՍԱՍ» հանրախանութները:
Յիշեցնենք, որ դրամի արժեզրկման լոյսին տակ վերջին օրերուն շուկային մէջ ստեղծուած լարուածութիւնը 17 Դեկտեմբերին հասաւ իր գագաթնակէտին, հանրապետութեան կարգ մը խանութներ փակեցին իրենց դռները, իսկ այլ խանութներու մէջ գիները բարձրացան 30-40 առ հարիւրով։ Տոլարին դիմաց դրամի արժէքը հասաւ 600ի։