ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինիա-Նաու».– Երեւանի մէջ հանրակառքի կարգ մը վարորդներ դիմած են գործադուլի՝ պահանջելով, որ փոխադրութեան սակը աւելնայ, որովհետեւ կազին գինը 180 դրամէն հասած է 230 դրամի։
Ոմանք կազի սղութիւնը կ՛առնչեն այս օրերուն արտարժոյթի շուկային մէջ արձանագրուած մեծ տատանումներուն։
Փոխադրողներու միութեան նախագահ Հրանտ Եղիազարեան առաջարկած է վերատեսութեան ենթարկել գոյութիւն ունեցող հաշիւները, եւ անոնց համաձայն ուղեվարձ սահմանել՝ աւելցնելով, որ անոր մէկ մասը պէտք է տայ իշխանութիւնը, իսկ միւսը՝ ուղեւորները։
Ըստ Եղիազարեանի՝ մօտաւոր հաշիւներով ուղեվարձը պէտք է ըլլայ 300 դրամ, որուն 100 դրամը պէտք է վճարէ ուղեւորը, իսկ իշխանութիւնը՝ 200ը:
«Կայ երկու ճանապարհ. առաջինի դէպքում իշխանութիւնը պէտք է հրաւիրի եւ ասի՝ մենք խնայած միջոցներ ունենք, այդ միջոցներից կարող ենք ժամանակաւորապէս ֆինանսաւորել, շարունակէք, կամ ասի՝ մենք ոչինչ չենք տալիս, գնացէք՝ ինչ ուզում էք արէք», 18 Դեկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է Եղիզարեան՝ նշելով, որ մինչեւ այսօր ինչ որ կատարուած է վարորդներուն կողմէ եղած է։
Եղիազարեանի համաձայն՝ 2008էն ընկերութիւնները կ՛աշխատին ծայրը ծայրին հասցնելով, կան ընկերութիւններ, որոնք փակուած են, իսկ ուրիշներ կրնան փակել իրենց դռները։
«150 դրամով աշխատելու համար արդէն շատ ուշ է, այն ժամանակ, երբ մեր շատ յարգելի ակտիւիստներն իրենց սեփական մեքենաներով Երեւանի քաղաքացիներին տանում էին տարբեր փողոցներով եւ ասում՝ «մենք ո՛չ ենք ասում 150 դրամին, ասում ենք այո՛ 100ին», ինձ էլ հաճելի չէր աւելի 50 դրամը, բայց ես գիտակցում եմ, որ դա այն բուֆերը կը լինէր, որը հնարաւորութիւն կը տար շարժակազմ փոխել», աւելցուցած է Եղիազարեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.