ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Հայ-իրանեան միջկառավարական յանձնաժողովի 12րդ նիստի աւարտին՝ 16 Դեկտեմբերին, Թեհրանի մէջ ստորագրուած են շարք մը կարեւոր փաստաթուղթեր, որոնք պիտի նպաստեն հայ-իրանեան տնտեսական համագործակցութեան աշխուժացման: Երկու օր շարունակ աշխատանքային հինգ խումբերը քննարկած են տնտեսական ոլորտի երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր, որոնք ի մի բերուած են «Հայ-իրանական միջկառավարական յանձնաժողովի 12րդ համատեղ նիստի փոխըմբռնման յուշագիր»ին մէջ: Այս մասին յայտնած է ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը:
Հայ-իրանեան միջկառավարական յանձնաժողովի հայկական կողմի համանախագահ, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեան յանձնաժողովի 12րդ նիստի աշխատանքները գնահատած է բաւական արդիւնաւէտ:
«Ստորագրուել են երկու կարեւոր փաստաթղթեր՝ «Հայ-իրանական միջկառավարական յանձնաժողովի 12րդ համատեղ նիստի փոխըմբռնման յուշագիրը», ինչպէս նաեւ, «Մեղրի ՀԷԿի կառուցման յուշագիրը»: Բոլոր այդ փաստաթղթերը կարեւոր նշանակութիւն ունեն Հայաստանի եւ Իրանի տնտեսութեան համար: Յուշագրում ներառուած են տնտեսութեան բոլոր ճիւղերը՝ էներգետիկա, առեւտուր, բանկային ոլորտ, բնապահպանութիւն, առողջապահութիւն, կրթութիւն, մշակոյթ եւ այլն», նիստին աւարտին արդիւնքները ամփոփելով յայտնած է Երուանդ Զախարեան:
Հայ-իրանեան ուժանիւթային ծրագիրներէն նախարարը յատուկ կերպով անդրադարձած է 3րդ բարձրավոլթ գիծի շինարարութեան ծրագիրին, որ կարելիութիւն պիտի տայ Իրան-Հայաստան ելեկտրահաղորդակցութեան գիծի ուժականութիւնը 350 մեկավաթէն հասցնել միչեւ 1200 մեկավաթ:
«Իրանական կողմի հետ պայմանաւորուեցինք շինարարութիւնը սկսել 2015 թուականի մարտին եւ աւարտել այն 18 ամսուայ ընթացքում: Այդ գծի շինարարութիւնը հնարաւորութիւն կը տայ Հայաստանից Իրան էլեկտրաէներգիայի առաքումը ներկայիս 1 միլիառ 200 մլն կվտ/ժամից հասցնել մինչեւ 7 միլիառ կվտ/ժամ: Յաջորդ ստորագրուած փաստաթուղթը վերաբերում է Մեղրի ՀԷԿի շինարարութեանը: Ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն շինարարութեան նախապատրաստական աշխատանքները պէտք է աւարտուեն 2015 թուականի Հոկտեմբերին, որից յետոյ արդէն կը սկսուի Մեղրի ՀԷԿի շինարարութիւնը, որը կտեւի 5 տարի», յայտնած է Երուանդ Զախարեան:
Հայ-իրանական միջկառավարական յանձնաժողովի 12րդ նիստին ընթացքին Հայաստանի կառավարութեան եօթը փոխնախարարներն ու պատուիրակութեան միւս անդամները իրանցի գործընկերներուն հետ քննարկած եւ համաձայնութիւններ գոյացուցած են տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ:
Քննարկուած է նաեւ Արաքս գետի աղտոտուածութեան խնդիրը, կողմերը պայմանաւորուած են հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ կարելի եղածին չափ բացառել այդ դէպքերը:
Երկու երկիրներու առեւտրական պալատները համաձայնած են մէկ տարուան ընթացքին կազմակերպել տնտեսական, առեւտրային եւ ներդրումային համաժողովներ Թեհրանի եւ Երեւանի մէջ: Կողմերը համաձայնած են «Իրան-Հայաստան բարեկամութեան օրեր» նշելու նպատակով համապատասխան պայմաններ ստեղծել գեղանկարչական ցուցահանդէսներու, երգի, թատերական ներկայացումներու, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու անհատ կատարողներու ծրագիրները ներկայացնելու համար: Ասոր կողքին համաձայնութիւն գոյացած է երկու երկիրներու տարածքին մէջ ընդհանուր մշակութային արժէքներու վերաբերեալ ժապաւէններ նկարահանել: Իրանական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է Հայաստանի քաղաքացիներուն 2015-2016 ուսումնական տարուան համար տրամադրել 3 կրթաթոշակային տեղ:
Հայ-իրանեան միջկառավարական յանձնաժողովի 12րդ նիստի ծիրին մէջ նախարար Երուանդ Զախարեան հանդիպումներ ունեցած է Իրանի ուժանիւթի նախարար Համիտ Չիտչեանի եւ Իրանի քարիւղի նախարար Պիժան Զանկանէի հետ: Նախարարները քննարկած են հայ-իրանեան ուժանիւթային համագործակցութեան հարցերն ու յառաջիկային կատարելիքները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.