
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Անցած Կիրակի կէսօրէն ետք, Մեքսիքոյի մայրաքաղաքի «Ազթեքա» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ երկրի ֆոթպոլի ախոյանութեան աւարտական մրցումը՝ «Ամերիքա» եւ «Թիկրես» կազմերուն միջեւ: Կայանները կը խառնշտկէի, երբ պատահմամբ միացայ ճիշդ այն պահուն, երբ իրաւարարը մրցումին ազդանշանը կու տար:
Մրցումը դիտեցի, որովհետեւ ճակատագրական էր: Պիտի ճշդուէր երկրին ախոյեանը:
Բնականաբար կարելի էր երեւակայել դաշտին մթնոլորտը: Մօտաւորապէս 100 հազարի հասնող համակիրներ, իրենց պոռչտուքներով, երգերով, կը քաջալերէին իրենց սիրած կազմերը:
Երկրորդ կիսախաղին, երբ «Ամերիքա» 2 կոլեր նշանակած էր, մրցակից կազմի երեք մարզիկներ, 10 վայրկեանի ընթացքին, իրաւարարին կողմէ կարմիր քարտ ստացան եւ դաշտէն դուրս ելան՝ խաղի օրէնքներու բացայայտ խախտումներու իբրեւ հետեւանք: «Թիկրես»ի անիւը «թարս» դարձաւ, բան մը, որ անսոովոր չէ մարզական աշխարհին մէջ:
Քիչ թէ շատ Ճանչնալով լատին ամերիկեան հանրութեան ֆութպոլային կիրքը, կը մտածէի, թէ ուր է ուր չէ, դաշտին վրայ թէ թրիպիւններուն մէջ, անհամ կացութիւն պիտի ստեղծուի, մարզիկներ կամ համակիրներ իրենց ջիղերը պիտի կորսնցնեն: Կատակ բան չէ, գիտէ՞ք, երբ խումբի մը 3 մարզիկներ 10 վայրկեանի ընթացքին կարմիր քարտ ստանան ախոյեանութեան աւարտականին:
Բայց արտասովոր ոչինչ պատահեցաւ: Պարտուած կազմի մարզիկները 8 հոգիով շարունակեցին ոգի ի բռին պայքարիլ, որքան որ կրնային: Իսկ յաղթական կազմը բնաւ ճիգ չըրաւ առիթէն օգտուելու եւ քանի մը կոլ եւս նշանակելու: Յաղթանակը ապահոված էր եւ գիտէր, որ իր մրցակից կազմը արդէն իսկ խորտակուած է հանգամանքներու բերումով: Մրցումը բնական ընթացքով շարունակուեցաւ, մինչեւ որ իրաւարարը սուլեց աւարտը: Ապա, բաժակի տուչութիւն, ուրախութիւն, ցնծութիւն, մինչեւ իսկ յաղթանակի լացուկոծ: Մէկ խօսքով, Մեքսիքա կը տօնէր իր ֆութպոլի մրցաշարքին փառատօնը՝ իսկական փառատօնային, ցնծութեան մթնոլորտի մէջ: Պարտուած մարզիկները, իրենց կարգին, բարձր ճակատներով, շնորհաւորեցին իրենց մրցակիցները, գիրկընդխառնուցան, համբուրեցին ու անցան գացին հանդերձարան, մարզական ոգիի սքանչելի դաս մը տալով ֆութպոլի աշխարհին:
Ինծի համար ուշագրաւ էր, որ «Ամերիքա»ի կազմը բնաւ պատեհապաշտ վարքագիծ ու վարմունք չցուցաբերեց մարզադաշտին վրայ. այսինքն, երբեք չմտածեց օգտուիլ մրցակիցի 3 մարզիկներու վտարումէն: Չփորձեց կրկնել Գերմանիա-Պրազիլ մր-ցումին պատկերը: Կրնար. մրցակիցին պաշտպանողականը քարուքանդ եղած էր, ոչ մէկ արգելք կար բազմաթիւ կոլեր եւս նշանակելու: Եզը ինկած էր… Բայց չըրաւ, շնորհիւ իր մարզիչ Էտուարտօ Մոհամետի ցուցմունքին: Որովհետեւ եթէ ընէր, երկրին ֆութպոլի որակը, աւարտականի տօնախմբութիւնն ու մարզական ոգին ոչինչ պիտի շահէին: Իրենք արդէն տիրացած էին երկրի ախոյեանի տիտղոսին:
Մտաբերեցի ասոր մէկ հակառակ պատկերը, «քաղաքակիրթ» Ամերիկայի մէջ: 7 թէ 8 տարի առաջ, պասքէթպոլի աւարտականը իրարու դէմ հանած էր Լոս Անճելըսի «Լէյքըրզ»ը եւ Տիթրոյիթի «Փիսթընզ»ը: 7 մրցումներէն 4ը շահողը պիտի տիրանար ախոյեանի տիտղոսին: 3 յաջորդական մրցումներ յաղթելէ ետք, մրցակիցի դաշտին վրայ, «Փիսթընզ» պիտի հիւրընկալէր լոս- անճելըսցիները: Երկրորդ կիսախաղը հազիւ սկսած, «Լէյքըրզ»ը արդէն կատարելապէս եւ անդառնալիօրէն խորտակուած էր, հակառակ իր մարզիչ Ֆիլ Ճեքսընի ճիգերուն: Հակառակ ասոր, «Փիսթընզ»ի մարզիկները վայրենաբարոյ ու անխնայ շարունակեցին ռմբակոծել մրցակիցը (որ արդէն գոյութիւն չունէր դաշտին վրայ) ու իւրաքանչիւր կողովէ ետք, ֆիզիքական մոլեգին ու կատաղի կեցուածք դրսեւորեցին դաշտին վրայ, միլիոնաւոր դիտողներու դիմաց: Ոչ մարզական ոգի մնացած էր, ոչ ալ արհեստավարժ ու գեղեցիկ պասքէթպոլ: Ոչ մէկ մարզական վեհանձնութիւն. գեղեցիկ խաղ ցուցադրելու ոչ մէկ մտադրութիւն, այլ՝ պարզապէս դիմացինը աւելիով ճզմելու կիրք: Ուղղակի սիրտխառնուք պատճառող երեւոյթ մը կը պարզուէր այդ գիշեր ամբողջ Միացեալ Նահանգներու մէջ (ի դէպ, ոչ մէկ մարզական մեկնաբան անդրադարձաւ այս ժխտական երեւոյթին):
«Ամերիքա»ն ալ արհեստավարժ ու լաւ վճարուող մարզիկներէ կը բաղկանայ, «Փիսթընզ»ն ալ: Արհեստավարժ մարզախաղերու մէջ հսկայական գումարներ կը ծախսուին: Դրամական շահի ու վնասի ազդակները հոն եւս մեծ դեր կը խաղան: Բայց բաներ կան, որոնք դրամով չեն չափուիր, ամէն ինչ դրամով չի գար: Ինչպէս ազգային արժէքները, որոնց տարողութիւնը գումարները չեն, որ կրնան ճշդել:
Պարզապէս, «Ամերիքա»ի կազմը իր ակումբային կամ խմբային շահերէն շատ գերիվեր դասեց համընդհանուր շահը, երկրին մարզական մթնոլորտին առողջ նկարագիրը: Ատոր համար ալ օրինակելին այդ պէտք է համարուի:
Բայց տրուած ըլլալով, որ ամերիկաբնակ հայութիւնը հեռատեսիլի թէ այլ պատճառներով աւելի առնչուած է ամերիկեան ֆութպոլին կամ պասքէթպոլին, աւելի հակամէտ է ազդուելու «փիսթընեան» ոճէն: Հոս վտանգ կայ, որովհետեւ անզգալաբար, մեր մտածողութիւնը կը սկսի ձեւաւորուելու «Փիսթընզ»ի եւ ոչ թէ «Ամերիքա»ի առաջադրած ոճով: Առաջինով ազդուելու կամ տարուելու պարագային, մեր հաւաքական կեանքը եւ կամքը կը սկսին ջլատուելու: Իսկ երկրորդ ուղղութեան պարագային՝ ընդհակառակը, ներքին ուժ մը կը սկսի ձեւաւորուելու եւ ամրապնդուելու:
Այնպէս որ, այս յօդուածը մարզական թղթակցութիւն պէտք չէ համարել…
Լոս Անճելըս
Դեկտեմբեր 16, 2014
vproodian@gmail.com