ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Առաջին անգամն է, որ եղբայրս կը գանգատի իր ցաւին կամ հիւանդութեան մասին:
– Անպայման բարձէն ինկեր ես:
– Գիշերը քրտներ ես, ու քրտինքը վրադ պաղեր է:
– Բան մը չէ, կ՛անցնի. երկու հատ ասփրօ կլլէ,- տնեցիներէն ամէն մէկը իր հեղինակաւոր կարծիքը կու տար:
– Բան մը չէ, կ՛անցնի:
Դժբախտաբար «բան մըն էր», որ չանցաւ: Որոշ շրջան մը բժիշկներն ալ շատ բան չհասկցան, սակայն շաբաթներով երկարող ընդհանուր քննութիւններէն ի յայտ եկաւ, որ… անբուժելի հիւանդութիւն մըն էր: Սիրելի եղբօրս ուղեղին մէջ ուռ մը տեսած էին, որ արդէն տարածուած էր:
Չափէն աւելի մտահոգ, տխուր ու անտրամադիր էինք: Բժիշկները յոյս չէին ներշնչած: Միակ յոյսը Աստուծոյ հրաշքն էր. սակայն, ըստ երեւոյթին, Աստուած մեզմէ երես դարձուցած՝ չէր ուզեր լսել մեր աղօթքներն ու աղաչանքները:
Յունուար 5, 1979. Սուրբ Ծնունդի խթման օրը Աստուած իր միածին որդին՝ Յիսուս Քրիստոս աշխարհ ուղարկեց, սակայն ես կորսնցուցի սիրելի եղբայրս, որ հեռացաւ մեզմէ՝ ետին ձգելով երկու անչափահաս զաւակներ, իր այրին, ծնողք, քոյրեր ու եղբայր:
Ծնողքի մը համար ամենադժուար բանն է զաւակ կորսնցնելը: Մեր տան մէջ չէինք ունեցած մեծ հայր կամ մեծ մայր, եւ մեր առաջին կորուստն էր: Կարելի՞ է գրիչով նկարագրել մեր վիշտը: «Պիտի չդիմանանք», անդադար կը կրկնէր մեծ քոյրս՝ Ալիսը: «Աստուած թշնամիիս ալ այսպիսի ցաւ չցուցընէ»: Արցունքներուն մէջէն մայրս է խօսողը, իսկ խեղճ հայրս՝ «Իմ կարգս էր, դուն գացիր»: Եղբօրս այրին բերանը չի բանար. լուռ կ՛արտասուէ, իսկ զաւակները՝ Ռազմիկը՝ 5 տարեկան, Շաղիկը՝ 4, գաղափար չունին, թէ ի՛նչ կ՛անցնի կը դառնայ իրենց տան մէջ: Մեծ թիւով սգակիրներ կու գան այցելութեան, իգականները, սեւեր հագած, շատ գէշ կ՛ազդեն Ռազմիկին վրայ: «Ես գիտեմ, թէ այդ կիները ինչո՛ւ սեւեր հագած են, գէշ բան մը պատահած է»: Այո՛, շատ գէշ բան մը պատահած է. երեւակայածէդ աւելի գէշ: Հայրդ անվերադարձ հեռացած է այս աշխարհէն: Ես բերանս չեմ բանար, սակայն այդ աննկարագրելի վիշտիս մէջ մտովի անդադար «կ՛երգեմ» նոյն յանկերգը. «Ո՞ւր էիր, Աստուա՛ծ»:
Այցելուներու թիւը կամաց-կամաց կը նուազի, եւ այդ ժամանակ աւելի կը զգանք ցաւին խորութիւնը: Շաբաթները իրարու կը յաջորդեն: Քառասունք, հոգեհանգիստ ու հոգեճաշ: Դարձեալ՝ բազմութիւն: Շուրջս կը դիտեմ. ներկաները արդեօք գիտե՞ն տարբերութիւնը ճաշկերոյթին ու հոգեճաշին: Կը խօսին այլազան նիւթերու շուրջ. քաղաքականութիւն, իրենց անձնական գործերու մասին, մէկը իր նոր գնած ինքնաշարժին գովքը կ՛ընէ, սակայն՝ ո՛չ մէկ խօսք հանգուցեալին մասին. մինչեւ իսկ կը համարձակին բարձրաձայն խնդալ:
«Աստուած հոգին լուսաւորէ». ու կը մեկնին: Տունը դարձեալ դատարկ է. մենք ու մեր խոր վիշտը:
Կարծես եղբօրս կորուստի վիշտը բաւարար չըլլար, իր մահէն 10 ամիս ետք անդրանիկ զաւակին՝ Անդրանիկին կը միանայ հայրս: Մայրս, քոյրերս ու եղբօրս այրին, տակաւին սեւ հագուստները վրանին, այս երկրորդ հարուածն է, զոր կը ստանանք:
Քառասունք, ապա՝ տարելից:
Դարձեալ հոգեճաշ՝ թիւով աւելի քիչ մարդոց ներկայութեան:
Նոյն անպատշաճ խօսակցութիւնները: Դարձեալ կը մեկնին: «Աստուած հոգին լուսաւորէ»: Արդեօք քանի՞ հոգի կը հասկնայ այդ նախադասութեան իմաստը:
Տարիները իրարու կը յաջորդեն: Կամաց-կամաց սեւ հագուստները կը փոխարինուին մոխրագոյնով, աւելի ուշ՝ քիչ մը աւելի բաց գոյներով: Ժամանակը կը թեթեւցնէ ցաւերը, սակայն չանհետանա՛ր, սպին միշտ ներկայ է:
Վերագտած ենք մեր բնականոն կեանքը: Պզտիկները կը շարունակեն դպրոց յաճախել: Չենք զգացներ, թէ հայր չունին: Մենք այդպէս կը կարծենք, սակայն երբ դրացի ուրիշ պզտիկ մը իր հօրը հետ խօսած ժամանակ «պապա» կամ «հայրիկ» կանչէ, ինքնաբերաբար կը մտնենք իրենց հոգեվիճակին մէջ:
Տարիէն աւելի երաժշտութենէ հեռու մնալէս ետք նոյնիսկ սկսած եմ երաժշտական ասպարէզիս: Ընկերներով դուրս ալ սկսած եմ ելլելու: Հետերնին կը խօսիմ ու կը խնդամ, սակայն… պակաս բան մը կայ, զոր անկարելի է բացատրել:
Մոխիրով ծածկուած կրակը մարած կը կարծուի, ընդհակառակը, աւելի երկար կը դիմանայ: Առիթներով, երբ խառնես մոխիրը, կրակը տակաւին հոն է, կարծես «անշէջ հուր» մը ըլլայ:
Յունուար 6ը շատ գէշ ազդած է վրանիս: Երկար տարիներ Դեկտեմբեր 25ը կը տօնենք, որպէս Ս. Ծննդեան տօն: Ինչպէ՞ս տօնել Յունուար 6ը, երբ այդ օր մեր ընտանիքը կորսնցուց իր տան սիւնը:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ամենայն ուժգնութեամբ կը շարունակուի. կարծես մարդիկ հաճոյք կ՛առնեն իրար սպաննելէն, երկիրը քար ու քանդ ընելէն: Լիբանանահայութեան մէկ բարձր տոկոսը արդէն բռնած է գաղթի ճամբան: Մենք ալ ընտանիքով կը հաստատուինք Լոս Անճելըս: Ամէն ինչ ձգած ենք Լիբանան. ամենակարեւորը՝ հոն ձգած ենք եղբօրս ու հօրս գերեզմանները:
Նոր երկիր, նոր սովորութիւններ, ամէն ինչ ծայրէն պէտք է սկսինք: Ու կը սկսինք: Նոր տուն կազմել, գործի փնտռտուք, պզտիկներուն դպրոց եւ… կեանքը կը շարունակուի առանց եղբօրս ու հօրս:
Տօնական օրեր: Մարդիկ անհամբեր կը սպասեն տօնական օրերուն, իսկ մենք ընտանեօք կ՛ատենք տօնական օրերը:
***
Դեկտեմբեր 25ներ եւ Յունուար 6եր իրարու կը յաջորդեն:
20րդ դարուն կը յաջորդէ 21րդը:
Հաստատուած ենք երկրագունդի հակառակ կողմը:
Եղբօրս զաւակները մեծցած, իրենց կարգին ընտանիք կազմած ու ծնողք դարձած են:
Բոլորս հաւաքուած ենք եղբօրորդիիս տունը եւ Յիսուսի Ծնունդը կը տօնենք Դեկտեմբեր 24ի գիշերը: Դուրսը բաւական ցուրտ է. դուռ պատուհան՝ գոց, եւ յանկարծ անսպասելիօրէն ներս կը մտնէ այցելու մը, որուն չէի տեսած Յունուար 5, 1979էն ի վեր:
Պապանձած՝ երեսը կը նայիմ, շուրջիններս, մտահոգուած իմ տժգունած դէմքէս, կարծելով, որ անհանգստացայ, կ՛առաջարկեն զիս հիւանդանոց փոխադրել:
Ըստ երեւոյթին, ես միակ անձն էի, որ տեսած էի այցելուն: «Լաւ եմ, բան չունիմ» ըսելով՝ կամաց մը կը հեռանամ ընթրիքի սեղանէն: Այցելուն կը հետեւի ինծի: Յաճախ եկած էր երազիս մէջ, սակայն այս մէկը երազ չէր: Աչքերս կը շփեմ, չորս դիս կը նայիմ. ո՛չ, վստահ եմ, երազ չէ. ինքն է, եղբայրս, որ հակառակ աւելի քան երեք տասնամեակներ առաջ հեռացած ըլլալուն՝ բնաւ չէ փոխուած:
Անտեսելով դուրսի ցուրտը՝ դուրս կ՛ելլեմ, պարտէզ, սակայն չկարենալով ոտքի կենալ՝ ինքզինքս կը նետեմ աթոռի մը վրայ: Կու գայ ու կը նստի քովս: Այո՛, կողք-կողքի ենք, սակայն երբ կ՛ուզեմ փաթթուիլ ու կարօտագին համբուրել զինք, ձեռքերս կը մնան օդին մէջ. պարապութիւն մը կայ: Եթէ այդ վայրկեանին մէկը դիտէր զիս, խելագարած պիտի կարծէր, սակայն ոչ, խելագարուած չեմ, ինքն է, սիրելի եղբայրս:
Վերջապէս խօսելու կը սկսի, եւ աւելի կը զգամ իր ներկայութիւնը:
Միասնաբար կը յիշենք այն անմոռանալի օրերը, երբ կ՛ապրէինք բոլորս միասին, ապա ինք զատուեցաւ մեր տունէն, կազմեց իր ընտանիքը, բախտաւորուեցաւ զաւակներով ու յանկարծ հեռացաւ այս աշխարհէն:
«Կը յիշե՞ս, հազիւ 10 կամ 11 տարեկան էի, քունդ շատ ծանր էր, իսկ ես գրպանէդ կը «գողնայի» ինքնաշարժիդ բանալին, ու ընկերներուս հետ միասին կը դառնայինք Պուրճ Համուտի խճողուած փողոցները, մինչեւ որ ընկերներէդ «Կարպուշը» զգուշացուց քեզ, եւ այդ օրէն չկրցայ գտնել բանալիներուդ տրցակը: Բնաւորութեամբ այնքան հակառակ էինք, սակայն, այնքա՛ն իրարու կապուած: Դուն միշտ զէնքը սիրած էիր, երկար տարիներ եղած մարտական, իսկ ես միշտ ատած եմ զէնքը. նախընտրած եմ երաժշտութիւնն ու գրականութիւնը:
Չափէն աւելի կատակասէր էիր, եւ ընկերներուդ իսկ խօսքերով, «նոյնիսկ մեռելները կը խնդացնէիր»: Կատակելով կ՛երգէիր՝ «Զէնքիս փոխան եարս եմ գրկել», ինչ որ շատ ալ չէր համապատասխանէր նկարագիրիդ: Հաւանաբար եարիդ չափ ալ սէր ունեցած էիր զէնքի, իսկ ես, ատելով հանդերձ զէնքը, պատերազմի տարիներուն «կիթառիս փոխարէն զէնք գրկեցի» քու տեղդ, պաշտպանեցի մեր հայկական թաղերը՝ քաջ գիտնալով, որ եթէ մեզի հետ ըլլայիր, նոյնը պիտի ընէիր, քիչ մըն ալ աւելի:
Շատ կը սիրէիր «Զարթի՛ր, որդեա՛կ» երգը, եւ ի՜նչ զուգադիպութիւն, տղադ՝ Ռազմիկը, որ շատ աղօտ կը յիշէ քեզ, տարիներ ետք, նմանապէս իր ալ նախընտրած երգը դարձաւ նոյն երգը:
Նոր հեռացած էիր մեզմէ, չեմ յիշէր՝ ինչ պատճառով, Ռազմիկը, որ բնաւ լալկան երեխայ չէր, օր մը շատ գէշ սկսաւ լալու, իսկ սիրելի քոյրերնիս՝ Արսինէն, չդիմանալով, արցունքոտ աչքերով սկսաւ երգելու՝ «Դու լաց մի լինի, մենք շատ ենք լացեր»:
«1978ի վերջին օրն էր:
Նոր Տարուան գիշերը միշտ դուրսը անցուցած եմ, սակայն այդ օր բացառաբար տունը անցուցի: «Լաւ տարիներ» ըսի ու կանուխէն անկողին մտայ: Արդեօք հաւատացի՞ ըսածիս. գիտէի, վերջին Նոր Տարին էր, որ միասին պիտի «տօնէինք»: Գիտէիր նաեւ դուն, սակայն, չգիտնալ ձեւացուցինք: Մեզմէ զատ, ամէն մարդ ուրախ էր. Նոր Տարի էր: Ժամը 12ին զէնքերու կրակոցներու ձայնը լեցուց աշխարհը: Ամէն տարի դուն ալ կը կրակէիր. այդ տարին… անկողինիդ մէջ տժգոյն՝ նոյնիսկ շարժելու կարողութիւն չունէիր:
Այժմ մեր ընտանիքին մէջ երկու հոգի կը կրեն անունդ՝ տղաս եւ թոռնիկդ: Ունիս նաեւ երկու թոռնուհիներ. Ռազմիկին աղջիկը՝ Սարել, իսկ Շաղիկին աղջիկը՝ Ցոլեր: Զաւակներդ կազմած են հայ ընտանիքներ. գիտեմ, որքա՜ն հպարտ ես. երեք թոռներդ ալ կը կրեն հայկական անուններ, կը յաճախեն հայկական վարժարաններ:
Բժիշկը կրտսերագոյն թոռնիկին ծննդեան թուականը նախատեսած էր Յունուար 5ը. մեզմէ յաւերժ բաժնուելուդ 30րդ տարելիցին օրը, սակայն փոքրիկն Անդօն անհամբեր էր լոյս աշխարհ գալու եւ Դեկտեմբերի վերջին օրը տղադ եւ հարսդ ստացան Նոր Տարուան լաւագոյն նուէրը: Կարելի՞ է աւելի արժէքաւոր նուէր ակնկալել:
Միշտ մտածած էիր քեզմէ աւելի ընտանիքդ երջանկացնել:
Զաւակներդ սիրելու երջանկութիւնը քանի մը տարի միայն վայելեցիր. կանուխ հեռացար, այդ հաճոյքը մեզի փոխանցեցիր: Նոյնիսկ մանկապարտէզի վկայականի հանդէսին չարժանացար:
Ուրախացանք առանց քեզ: Ուրախացանք ու լացինք, արցունքներ, որոնք միաձուլուած էին ցնծութեամբ ու տխրութեամբ»:
Առանց ընդմիջելու, լուռ մտիկ ըրաւ, ու ապա հազիւ լսելի ձայնով սկսաւ խօսելու.
«Շա՛տ սիրելի եղբայր, ժամանակս կարճ է, շուտով պէտք է վերադառնամ: Եկած եմ պատգամ մը փոխանցելու, որ դուն ալ քու կարգիդ փոխանցես ընտանիքի միւս անդամներուն:
Նկատած եմ, ամէն տարի Ապրիլ 24ին ոչ միայն գործատեղիէդ արձակուրդ կ՛առնես, նաեւ բոլոր ամերիկացի գործընկերներուդ կը յայտարարես այդ օրուան արձակուրդ առնելուդ պատճառը: Կը խօսիս Ցեղասպանութեան մասին:
Հիանալի է, սակայն նկատած եմ նաեւ, որ մեկնելէս ի վեր Դեկտեմբեր 25ը կը տօնէք որպէս Յիսուսի Ծնունդ: Շատ լաւ կը հասկնամ, այդ օր միջազգային տօն է, նաեւ կը հասկնամ, թէ ինչո՞ւ կը խուսափիք Յունուար 6ը տօնելէ: Հասկնալով հանդերձ պատճառը, խնդրանքս է, որ չմոռնաք մեր հայկական աւանդութիւնները եւ մեր հայկական Ծնունդը տօնէք Յունուար 6ին. Ապրիլ 24ի նման, Յունուար 6ին գործատեղիէդ արձակուրդ առնելով, իմացնես բոլորին, թէ այդ օր ՀԱՅԿԱԿԱՆ Ծնունդ է»:
Եկաւ փոխանցելու իր պատգամը՝ կառչած մնալու հայկական աւանդութիւններուն ու հանդարտ հեռացաւ. նկարը կամաց-կամաց մշուշոտած՝ անհետացաւ հորիզոնի ետին:
Քանի մը օր ետք, գործատեղիս, վերակացուէս Յունուար 6ի օրուան համար արձակուրդ խնդրեցի՝ իմացնելով, թէ մենք՝ հայերս այդ օրը կը տօնենք Յիսուսի Ծնունդը:
Անմիջապէս ե-նամակով պատասխանեց.
«Merry Armenian Christmas»։
«Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ»:
Լոս Անճելըս, 2014
————————————–
The Great Carpet Company
Լաւագոյն Մաղթանքներով
Կը Շնորհաւորենք Բոլորի Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
4524 Brazil St #A
Los Angeles, CA 90039
818-247-2990
——————————————————————————————————
Nova Automotive Glendale, California
Mr. & Mrs. Jirair & Rita Keuroghlian
Merry Christmas
& Happy New Year