– Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 29ին աւարտած են Յունաստանէն Իտալիա ճամբայ ելած «Նորմըն Աթլանթիք» նաւուն ճամբորդներն ու անձակազմը փրկելու աշխատանքները, որոնց ընթացքին փրկուած են 432 հոգի։ Հրդեհը 7 զոհ խլած է։
– «Մայատին» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը յայտարարած է, որ սուրիական կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ամսուան վերջաւորութեան՝ Մոսկուայի մէջ: Աղբիւրը աւելցուցած է, որ չորսօրեայ հանդիպումին պիտի մասնակցին սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմադիր բազմաթիւ ուժերու ներկայացուցիչներ: Մոսկուա կը ձգտի սուրիացիներուն միջեւ առանց նախապայմաններու ուղղակի երկխօսութեան մը ձեռնարկել:
– Աբխազիոյ խորհրդարանը վաւերացուցած է Ռուսիոյ հետ ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերող համաձայնագիրը, որ Նոյեմբեր 24ին ստորագրուած էր Ռուսիոյ եւ Աբխազիոյ նախագահներուն կողմէ՝ ռազմական, տնտեսական եւ շարք մը այլ մարզերու մէջ գործակցութիւնը սերտացնելու նպատակով։
– ՄԱԿը միջազգային համայնքին դիմած է՝ նպաստելու համար Սուրիոյ եւ այդ շրջանին մէջ տեղահանուած 18 միլիոն քաղաքացիներուն օժանդակութիւն հասցնելու արշաւին, որուն համար հարկաւոր է աւելի քան 8.4 միլիառ տոլար գումար մը։ Դիմումին նպատակն է օգնել Սուրիոյ մէջ տեղահանուած եւ տագնապէն վնասուած 12 միլիոն մարդոց, հոգալ տակաւին այդ շրջանը գտնուող միլիոնաւոր տեղահանուածներու եւ զանոնք հիւրընկալող երկիրներու կարիքները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.