ՎԱՀԷ ՊՕԶՈՅԵԱՆ
Այդ նուիրեալներէն էր մեր ընկեր Վահան Յովհաննիսեան, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց հայրենիքի ու հայ ժողովուրդի ազգային, պետական, քաղաքական եւ հասարակական շահերու պաշտպանութեան: Աւա՜ղ, որ վաղաժամ հեռացաւ մեզմէ՝ անողոք հիւանդութեան պատճառով:
Վերանկախացած Հայաստանի պետականութեան կայացման, Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարի կարեւորագոյն ղեկավարներէն եւ դերակատարներն մէկը եղաւ ան, որուն անունը եւ իրագործումները արձանագրուեցան Հայաստանի վերանկախացման շրջանի եւ ազատագրուած Արցախի պատմութեան էջերուն մէջ:
Ըլլալով ՀՅԴ Բիւրոյի տարիներու անդամ եւ նոյն ատեն՝ պետական բարձրաստիճան վաստակաշատ պաշտօնեայ, ընկեր Վահան հանդիսացաւ օրինակելի ղեկավար՝ մեր սերունդներուն, վերահիմնաւորելով այն փաստը, որ հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին ծառայելը նուիրական պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան գերագոյն գիտակցութիւն է իւրաքանչիւր դաշնակցականի համար:
Ստանձնելով պատասխանատու հանգամանքներ Հայաստանի Ազգային ժողովի կողմէ, ընկեր Վահան չվարանեցաւ իրեն իւրայատուկ հիւմորով, բայց բուռն կերպով քննադատելու Հայաստանի իշխանութիւններու վարած խոցելի եւ վնասաբեր քաղաքականութիւնը եւ Ազգային ժողովի ամպիոնէն կամ հրապարակային ձեռնարկներու եւ հանրահաւաքնրու բեմերէն կոչ ուղղելու անոնց, որ անսալով հայրենի ժողովուրդի կարիքներուն եւ պահանջներուն, փոխեն իրենց որդեգրած քաղաքական ընթացքը եւ հասկնան, որ իրենք հաշուետու են ժողովուրդի եւ համայն հայութեան առաջ: Հեռու մնալով անձնական, վիրաւորական, ոխակալական քննադատութիւններու ոճէն, իր խօսքերը բոլորին կողմէ ընդունուեցան իբրեւ շինիչ առաջարկներ՝ հայրենիքը ճգնաժամէն դուրս բերելու եւ ժողովուրդի ցաւերուն դարման գտնելու իմաստով:
Իբրեւ պետական գործիչ, ընկեր Վահան բազմիցս գլխաւորած է հայկական պատուիրակութիւններու մասնակցութիւնը միջազգային մարմիններու եւ կազմակերպութիւններու բանակցութիւններուն եւ վեհաժողովներուն, ուր անվարանօրէն արծարծած է Հայկական Ցեղասպանութեան դատապարտման, արդարահատուցման եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պահանջատիրութեան հիմնահարցերը: Տիրապետելով քանի մը լեզուներու եւ ունենալով բարձրարժէք մտաւորականի եւ քաղաքական գործիչի հանգամանք, ընկեր Վահան Յովհաննիսեան այդ վեհաժողովներուն արժանացած է միջազգային դէմքերու յատուկ գնահատանքին ու յարգանքին, բարձրացնելով հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի պատիւը միջազգային բեմերուն վրայ:
Կուսակցական աշխատանքային այցով կամ Կեդրոնական կոմիտէի հրաւէրով ընկեր Վահան Յովհաննիսեան յաճախ այցելած է մեր գաղութը, եւ մեզմէ շատեր անմոռանալի յիշատակներ ունին անոր հետ ունեցած մեր հանդիպումներու կամ իր հրապարակային ելոյթներուն ներկայ ըլլալու կապակցաբար: Անմոռանալի է յատկապէս 2007 թուականի Դեկտեմբեր 15ը, երբ Glendale High-ի սրահին մէջ կը նշէինք Դաշնակցութեան 117ամեակը եւ այդ առիթով հրաւիրած էինք զինք այն ատեն՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխխօսնակ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ՀՀ նախագահութեան թեկնածու ընկեր Վահան Յովհաննիսեանը: Հիւմորով լեցուն իր խօսքերուն ընդմէջէն ան ըսաւ.
«Մէկ-մէկ մեզ ասում են, սիրելի բարեկամներ, ինչպէ՞ս կարող է դաշնակցական նախագահը ղեկավարել մի երկիր, որտեղ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը այլ կուսակցութիւնից է եւ հէնց այդ կուսակցութիւնն էլ ձեւաւորում է, ըստ սահմանադրութեան՝ կառավարութիւն: Ինչպէ՞ս դաշնակցական նախագահը կը կարողանայ ղեկավարել երկիրը: Այս հարցը տալիս են մարդիկ, որոնք չեն հասկացել, թէ նախագահի իրական գործունէութիւնը ինչումն է կայանում: Նախագահը պէտք է ուղղակի մէկ ընդ միշտ ապահովի սահմանադրական կարգը: Այսինքն, կանչի բոլոր նրանց, ովքեր որ խարդախութեամբ ապահովում են ընտրութիւնների ցանկալի արդիւնքը եւ նրանց ասի. «Տղանե՛ր, ոչ ոք այլեւս ձեր օգնութեան կարիքը չունի: Գնացէ՛ք տուն: Այլեւս ընտրութիւններում որոշիչը լինելու է ժողովրդի ձայնը, միա՛յն»»:
Իսկ անդրադառնալով Արցախեան հարցին, ան ըսաւ. «Արցախի հարցում մեր ձեռք բերած դիրքերից, մեր ձեռք բերած դիրքորոշումներից, նուաճումներից նահանջ չպէտք է արձանագրի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, ո՛ր կուսակցութիւնից էլ որ լինի: Դա մեզ համար շատ յստակ է»:
Ընկեր Վահան մեր գաղութին մէջ սիրուած էր բոլորին կողմէ: Նոյնիսկ իրեն ընդդիմացող շրջանակներ յարգանքի յատուկ մօտեցում կը տածէին ընկեր Վահանին հանդէպ, քանզի բոլորը քաջ գիտէին, որ անոր մէջ մարմնացուած են մտաւորականի, ազնիւ գործիչի եւ գաղափարական, հաւատաւոր, անսակարկ կուսակցականի կերպարը:
Խոր ցաւ կը զգանք բոլորս ալ՝ անոր վաղաժամ վախճանման եւ եզակի անձի կորստեան համար: Թէեւ կ՛ըսեն, թէ ոչ ոք անփոխարինելի անձ կը սեպուի, սակայն, պիտի հաստատենք, որ ընկեր Վահանին բացակայութիւնը դեռ երկա՜ր ժամանակ պիտի զգանք մեր կուսակցական, քաղաքական ու հասարակական կեանքէն ներս: Կը հաւատանք նաեւ, որ հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին ծառայելու իր հաստատած գործունէութեան ուղին եւ աւանդը պիտի շարունակեն եկող սերունդները՝ ի խնդիր հայ ժողովուրդի բարօրութեան ու բարգաւաճման:
Թող հողը թեթեւ իջնէ ընկեր Վահանի ցաւատանջ մարմինին: