(Առաջնորդ Սրբազանի Յիշատակի Խօսքը)
Տրտմութեամբ, սգալից սիրտերով համախմբուած ենք այս սուրբ եկեղեցւոյ կամարներուն տակ, վշտակից ըլլալու հայրենի Յովհաննիսեան ընտանիքին եւ հարազատներուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան աշխարահատարած ընտանիքին՝ բազմավաստակ մտաւորական եւ հանրային-քաղաքական գործիչ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանի մահուան առիթով:
Մեր ցաւը կրկնակիօրէն խոր է, որովհետեւ կորսնցուցինք երախտաւոր ու նուիրեալ երիտասարդ մը, որ մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին ծառայական կեանքի իր ամէնէն բեղուն տարիքին իր աչքերը փակեց այս աշխարհին. կորուստ մը, որ հաւասարապէս ողբալի է իր սեփական ընտանիքին, գաղափարի ընկերներուն ու հայրենի պետութեան ու ժողովուրդին համար:
Քիչ առաջ գործածեցինք վաստակաշատ բառը՝ բնորոշելու համար մեզմէ առյաւէտ հեռացող հայրենասէրին վաստակը: Արդարեւ, եթէ պահ մը աչքի առջեւ ունենանք անոր բազմապիսի ու բազմաճիւղ գործունէութիւնը, լաւապէս կ՛ըմբռնենք, թէ կարգ մը վաստակաւորներ ինչո՛ւ տարբեր արժէք ու իմաստ կու տան այս բառին:
Կանուխ երիտասարդութենէն մինչեւ իր վաղահաս մեկնումը, Վահան Յովհաննիսեան եղաւ հայորդի մը, որ օր աւուր ու տարուէ տարի ուռճացուց հօրենական եւ գաղափարական ընտանիքներէն իր ստացած տաղանդները եւ զանոնք բազմապատկելով՝ անմնացորդ վերադարձուց մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին, նման մեր Տիրոջ առակներէն՝ Բարի ու Հաւատարիմ Ծառայի օրինակին:
Համալսարանական բարձրագոյն ուսման տիրանալէ ետք, Վահան Յովհաննիսեանի կեանքի առաջին ասպարէզը եղած է մանկավարժութիւն, այսինքն՝ ան եղած է դաստիարակ-ուսուցիչ. սա արդէն առաջին վկայութիւնն էր, որ երիտասարդ ուսանողը իր ձեռք բերած գիտելիքները միայն իրեն վերապահող դասակարգին պիտի չպատկանէր, այլ պիտի լծուէր նորահաս սերունդներուն միտքերը լուսաւորելու վսեմ առաքելութեան: Այս մեկնակէտէն անդին, անոր կեանքի ուղիները զինք մղեցին դէպի մեր ժողովուրդի արմատներն ու պատմական անցեալը պեղելու ճանապարհը, գործնապէս վկայելով, որ ան հաւատացող մըն էր իր ժողովուրդի փառաւոր անցեալին ու ձգտող մը՝ անոր վերանորոգումին, մանաւանդ, որ մեր հայրենիքի երկնակամարին վրայ այդ շրջանին սկսած էին երեւիլ բարեշրջումի առաջին շողերը վերանկախացման եւ ինքնութեան վերահաստատումի երթին:
Վահան Յովհաննիսեանի ու բազմաթիւ սերնդակիցներու համար, Խորհրդային Միութեան փլուզման եւ Հայաստանի վերանկախացման հանգրուանը բացաւ գործունէութեան նոր հորիզոններ, որոնց ընդառաջեցին անոնք անձուիրութեամբ ու անսակարկ զոհողութեան ոգիով: Արցախեան շարժումի առաջին օրերուն իսկ, երիտասարդ մտաւորականը գտնուեցաւ կազմակերպական ու ինքնապաշտպանութեան յառաջապահ դիրքերու վրայ: Մեր հայրենիքին մէջ բազմակուսակցական դրութեան վերականգնումէն ետք, ան նմանապէս գտնուեցաւ կուսակցական աշխատանքի յառաջապահի դիրքերուն, միանալով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն: Մաս կազմեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին, ապա նաեւ Բիւրոյին. ամէնէն պատասխանատու մարմիններու իբրեւ անդամ, յանձն առաւ ծանրագոյն պարտականութիւններ եւ զանոնք կատարեց խղճմտանքով, զոհաբերութեան ոգիով, հետեւելով մեր հայրենիքը կերտող ֆէտայիներուն ու մտաւորականներուն ազգանուէր օրինակին՝ հաւասարապէս: Գաղափարակիցներու հետ ճաշակեց բանտային զրկանքներ, սակայն մնաց անյողդողդ, ընկրկում կամ հոգեբեկում չունեցաւ. ընդհակառակն, իր ազատազրկման աւարտէն ետք, աւելի մեծ սիրով ու նախանձախնդրութեամբ փարեցաւ հայրենանուէր ծառայութեան, լիարժէք կերպով իրագործելով քաղաքական գործիչի բազմապիսի առաքելութիւններ: Ընտրուեցաւ Ազգային ժողովի անդամ, վարեց անոր փոխնախագահի պաշտօնը, իբրեւ խորհրդարանական՝ մաս կազմեց մէկէ աւելի յանձնաժողովներու, վարեց անոնց նախագահութիւնը, ու այդ ճամբով՝ միացաւ Հայաստանը միջազգային կազմակերպութեանց հետ գործակցութեան մէջ դնող յանձնաժողովներու, լիաբուռն ներդրում ունեցաւ ի շահ հայրենիքին ու Արցախին: Միջազգային բեմի ոլորտներուն մէջ իր կերտած վաստակը զինք արդարօրէն առաջնորդեցին Գերմանիոյ մօտ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնին, իսկ եթէ պահ մը կանգ առնենք այն առանցքային դիրքին առջեւ, զոր Գերմանիա կը վայելէ եւրոպական ու միջազգային քաղաքական ու տնտեսական աշխարհին մէջ, արդէն կը դառնանք վկաները այս պաշտօնին իր կոչման կարեւորութեան:
Անձամբ ճանչցած ենք Վահան Յովհաննէսեանը եւ կրնանք վկայել, թէ ան լրջախոհ էր, կարգապահ, խիստ, եւ սակայն նոյն ատեն զուարթախօս. կը նախընտրէր գործել անաղմուկ, ժուժկալ էր իր արտայայտութիւններուն մէջ, բայց ան ժուժկալ չեղաւ գործի, զոհաբերութեան ու նուիրումի մէջ: Ան իր հռետորութեամբ առինքնող էր եւ վարակիչ շունչ ունէր: Ափսոս, որ անողոք հիւանդութիւնը այսքա՛ն կանուխ խլեց զինք մեզմէ ու իր այնքան սիրած ժողովուրդէն, հայրենիքէն, իսկ Վահանները որքա՜ն տալիք ունին մեր հաւաքական կեանքին, երբ կը գտնուինք Ցեղասպանութեան 100ամեակի հանգրուանին…
Այո, կ՛ափսոսանք Վահան Յովհաննիսեանի կորուստին համար: Սակայն հոն կանգ պիտի չառնենք երբեք, որովհետեւ Վահանի գործն ու ժառանգութիւնը կը մնան մեզի հետ, կը հարստացնեն մեր կեանքը եւ իբրեւ օրինակելի աւանդ կը փոխանցուին գործի եւ գաղափարի ընկերներուն, նոր սերունդներուն: Աւելին, իբրեւ հաւատացեալ քրիստոնեաներ, եւ Վահան Յովհաննիսեանը հաւատացեալ քրիստոնեայ էր անկասկած, կը հաւատանք, որ ամենաբարին Աստուած Իր կամքին համաձայն կը տնօրինէ մեր բոլորին կեանքը եւ մեզի տուած է հանդերձեալ կեանքի խոստումը: Տարեմուտն ու Ս. Ծննդեան տօնը այս իմաստով աստուածատուր պարգեւներու մասին նորագոյն յուշարար են բոլորիս: Աստուածորդւոյն երկրաւոր առաքելութիւնը պատգամ է իւրաքանչիւր քրիստոնեայի, թէ մեր անցաւոր կեանքը կ՛ապրինք ու կը կերտենք հանդերձեալին համար, կը հաւատանք, որ այս աշխարհը մարդուն համար միակ հանգրուան չէ, գերեզմանը վախճանակէտ մը չէ, այլ նորին ու յաւիտենականին սկիզբը, այն յաւիտենականին, որ մեզի խոստացուած է իբրեւ պարգեւ՝ այս կարճ կեանքին մէջ մեր կատարած բարեգործութեանց եւ աստուածահաճոյ կենցաղին դիմաց: Իսկ հայրէնասիրական ու ժողովրդանուէր գործը հաճելի է Աստուծոյ:
Ահաւասիկ այս մտածումներով, եւ քրիստոնէական մեր հաւատքին խարիսխներուն վրայ հիմնուած՝ սա պահուն աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած, որ Իր հայրական բարեգութ խնամքին տակ պահէ վաստակաւոր հայորդիին հոգին, որովհետեւ Աստուած է մարդոց գործերուն ու հոգիներուն ամէնէն արդար դատաւորը: Կ՛աղօթենք, որ Երկնաւոր Հայրը արդարներուն, հայրենիքին ու ազգին նուիրեալներուն փաղանգին մէջ դասէ զայն, իսկ ընտանիքի անդամներուն ու գաղափարի ընկերներուն, բոլորի՛ս շնորհէ Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւնը:
Այս տխուր առիթով, անգամ մը եւս մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք հայրենի պետութեան, ՀՅԴ Բիւրոյին, Հայաստանի Գերագոյն մարմինին եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէին ու իր գաղափարի ընկերներուն:
Օրհնեալ ըլլայ ու վառ մնայ յիշատակը ընկեր Վահանին, եւ իր հարուստ աւանդը իբրեւ գանձ փոխանցուի նոր սերունդին: