ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը քննադատած է Փարիզի մէջ «Շարլի Հեպտօ» երգիծաթերթի դէպքերուն առնչութեամբ կազմակերպուած համերաշխութեան երթին Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի մասնակցութիւնը:
Ըստ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքին՝ յատարարութեան մէջ ըսուած է. «Իր բանտերուն մէջ մրցանշային թիւով լրագրողներ պահող պետութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը այս երթին ամօթալի է եւ վիրաւորական «Շարլի Հեպտօ»ի ոգիին»: Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ Թուրքիա օգնութիւն կը տրամադրէ իսլամ ծայրայեղական եւ ահաբեկչական այն հոսքաներուն, որոնք ահաբեկչութիւնը իրականացուցած են Փարիզի մէջ: Յիշեցուած է նաեւ 2013ի Յունուարին, Փարիզի մէջ երեք քիւրտ կին գործիչներու սպաննութիւնը, որուն, ինչպէս յետագային պարզուեցաւ, մեղսակից էին թրքական յատուկ ծառայութիւնները:
Յայտնենք, թէ Ֆրանսայի հայ համայնքը երկրի տարբեր քաղաքներուն մէջ մասնակցած է «Շարլի Հեպտօ» թերթին դէմ իրականացուած ահաբեկչութիւնը դատապարտող եւ զոհերուն յարգանքի տուրք մատուցող հանրահաւաքներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.