ՊԵՐԼԻՆ.- Գերմանական «Պիլտ ամ Սոնթակ» թերթը՝ վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ գաղտնի սպասարկութիւններէն իր աղբիւրները, կը հաղորդէ, որ Եւրոպայի մէջ կրնան տեղի ունենալ ահաբեկչական նոր արարքներ:
Թերթը կը պնդէ, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները կրցած են գաղտնալսել «Իսլամական պետութեան» ներկայացուցիչներու հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները, որոնց մէջ վերջիններս նշած են, որ Ֆրանսայի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները «Եւրոպայի մէջ ահաբեկչութեան ալիքի սկիզբն են միայն»:
Թերթը կը գրէ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններէն յայտնի դարձած է նաեւ, որ իսլամ ծայրայեղականները կրնան Եւրոպա մուտք գործել իրենք զիրենք իբրեւ տեղահանուածներ ներկայացնելով:
Թերթը կը նշէ, որ բրիտանական հետախուզութիւնը, իր կարգին, զգուշացուցած է եւրոպացի գործընկերները՝ օդային փոխադրամիջոցներու մէջ ահաբեկչութեան վտանգին գծով:
Ըստ թերթին՝ եւրոպական այլ գաղտնի սպասարկութիւններ այս առնչութեամբ շօշափելի տեղեկութիւններ չունին:
Միւս կողմէ, Գերմանիոյ ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ «Համպուրկըր Մորկընփոս»չ օրաթերթի խմբագրատունը անցնող շաբաթավերջին հրավառ ռումբով յարձակումի ենթարկուած է: Խմբագրատան երկու գրասենեակներ վնասներ կրած են, սակայն կարելի եղած է հրդեհը մարել: Մարդկային վնասներ չկան: Երկու կասկածեալներ ձերբակալուած են:
«Համպուրկըր Մորկընփոսթ» թերթը «Շարլի Հըպտօ»էն Մուհամմատ մարգարէի ծաղրանկարներ վերահրատարակած էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.