
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքին մէջ Երկուշաբթի, Յունուար 12ին սպաննուած 16ամեայ հայ երիտասարդը՝ Միշել (Միքայէլ, Միշա) Ասատուրեանն է, որ աշակերտ էր «Քամիլ-Ժուլիանի» մասնագիտական դպրոցին ու մերձաւորներու վկայութեամբ՝ գնահատուած եւ սիրուած երիտասարդ մըն էր. այս մասին կը գրէ «Նուվէլ տ՛Արմէնի» թերթը, որուն տեղեկութիւններով՝ Ասատուրեան սպաննուած է երկաթեայ ձողերով կատարուած դաժան յարձակումի մը հետեւանքով: Յարձակումը իրականացուցած են Ասատուրեանի հետ վիճած աղջկայ մը եղբայրները: Ականատեսներ յայտնած են նաեւ դանակի հարուածներու մասին:
Դէպքը տեղի ունեցած է, երբ դասի մը ընթացքին Ասատուրեանի եւ անոր հասակակից աղջկայ մը միջեւ վիրաւորանքներ հնչած են: Վերջինս սպառնացած է իմաց տալ իր ընտանիքի անդամներուն, որոնք Յունուար 12ին յայտնուած են դպրոցի մուտքը: Ոստիկանութիւնը աւելի ուշ ձերբակալած է աղջիկը։
Միշելի հայրը, որ Հայաստանէն է, դէպքէն ետք տեղափոխուած է հիւանդանոց՝ առողջական վիճակի վատթարացման պատճառով:
Մարսէյի 6րդ հատուածը ներկայացնող պատգամաւոր Վալերի Պուայէ յայտարարած է, որ սարսափած է տեղի ունեցած ողբերգութենէն եւ մօտէն պիտի հետեւի հարցի հետապնդման:
«Ֆէյսպուք»ի վրայ, Արմանդ Աւագեան գրած է, թէ Միքայէլ մահացած է եղբօր ձեռքերուն մէջ, դանակի հարուածներ ստանալէն ետք: Տեղի ունեցած ծեծկռտուքին ընթացքին յանցագործները կրցած են փախչիլ: «Ամենայն հաւանականութեամբ, յանցագործները արաբական ծագումով երիտասարդներ են», գրած է ան։
Քաղաքի հայութիւնը սուգի հաւաք կազմակերպած է շրջանի Հայ առաքելական եկեղեցիին մէջ: