ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը՝ ՄԻԹը, հաղորդած է, որ Պոլսոյ մէջ զբօսաշրջային կեդրոնի մը դէմ անցեալ շաբաթ անձնասպանական գործողութիւն կատարած Տիանա Ռամազովան կապ ունէր «Իսլամական պետութեան» հետ: Ռամազովա իր նշանածին հետ վերջին վեց ամսուան ընթացքին Քիլիսի ճամբով երկու անգամ Սուրիա մուտք գործած եւ Թուրքիա վերադարձած է:
ՄԻԹ հաղորդած է, որ «Իսլամական պետութեան» ղեկավար մը բազմաթիւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Ռամազովայի հետ, երբ վերջինիս նշանածը Քոպանիի մէջ սպաննուած է, քիւրտերուն դէմ կռիւներուն ընթացքին։ Ան փորձած է համոզել, որ Ռամազովա գործադրէ այդ ահաբեկչական գործողութիւնը:
«Միլլիյէթ» նախապէս հաղորդած էր, որ ապահովական ուժերը Թուրքիոյ առեւտրական կեդրոններէն մէկուն մէջ ահաբեկչական այլ գործողութիւն մը կանխարգիլած են:
Նաեւ հաղորդուած էր, որ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան ներկայացուցիչները տեղեկութիւն ստացած են, թէ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատուող Քրտական բանուորական կուսակցութեան զինեալները Պոլսոյ մէջ ահաբեկչական գործողութիւն մը կը ծրագրեն: Յատուկ գործողութեան մը ընթացքին ձերբակալուած են այդ կուսակցութեան երկու անդամներ, որոնց մօտ գտնուած էին պայթուցիկ սարքեր:
Նախապէս կին մը անձնասպանական գործողութիւն կատարելով՝ ինքզինք պայթեցուցած էր Պոլսոյ պատմական Սուլթանահմետ շրջանին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.