ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ֆրանսական «Շարլի Հեպտօ» շաբաթաթերթի փաստաբանը «Ֆրանս Ինֆօ» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Շարլի Հեպտօ» երգիծական շաբաթաթերթի յաջորդ թիւի կողքին վրայ դարձեալ պիտի հրապարակուին Մուհամմատ մարգարէի ծաղրանկարներ: Ան նշած է, որ Չորեքշաբթի, Յունուար 14ի թիւը պատգամ մըն է, թէ՝ «պիտի չզիջինք, այլապէս՝ ցարդ մեր ըրածը անիմաստ պիտի ըլլայ»:
Ըստ փաստաբանին՝ «Ես Շարլին եմ» կարգախօսը կը նշանակէ, թէ «իրաւունք ունիք քննադատելու կրօնս»:
Նոր թիւի տպաքանակը սովորական 60 հազարին փոխարէն պիտի ըլլայ մէկ միլիոն օրինակ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.