ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ իր մտահոգութիւնը փոխանցած է թուրք պաշտօնատարներուն: Անցեալ շաբաթ, Անգարա յայտարարած էր, որ «Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալի Թուրքիա այցը ողջունելի է:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի, անդրադառնալով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի այն յայտարարութեան, թէ Մաշաալի Թուրքիա այցը ողջունելի է, ըսած է. ««Համաս»ի նկատմամբ մեր դիրքորոշումը չէ փոխուած: «Համաս» յայտնի ահաբեկչական կազմակերպութիւն մըն է, որ կը շարունակէ ահաբեկչական գործունէութիւն տանիլ»:
«Մենք կը շարունակենք թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու մօտ արծարծել «Համաս»ի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութեանց վերաբերեալ մեր մտահոգութիւնները, ներառեալ անոնք, որոնք յառաջացան «Համաս»ի վերջերս Թուրքիա կատարած այցելութեան մասին իմանալէ ետք: Մենք Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ ուղղած ենք «Համաս»ը մղելու՝ լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ բռնարարքները կանխարգիլելու», ըսաւ Փսաքի:
Յիշեցնենք, որ Մաշաալ Դեկտեմբերին մասնակցած էր Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան տարեկան ընդհանուր ժողովին:
Յունուար 6ին կարգ մը լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ «Համաս»ի ղեկավարը վտարուած է Քաթարէն եւ կրնայ Թուրքիա փոխադրուիլ, սակայն այդ տեղեկութիւնը հերքուած էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.