ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին, թրքական մամուլը հաղորդեց, թէ նոր զարգացում մը արձանագրուած էր Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան մէջ։ Երկու ոստիկաններ, որոնք նախապէս հարցաքննուած ու ապա դատարանին կողմէ ազատ արձակուած էին, դարձեալ ձերբակալուեցան։ Ասոնք Տրապիզոնի այդ ժամանակաշրջանի ապահովութեան տնօրէնութեան լրաքաղութեան բաժինի ոստիկաններէն են՝ Մուհիտտին Զենիթ եւ Էօզքան Մումճու։
Երկու ոստիկանները Դեկտեմբեր 26, 2014ին հարցաքննութեան ենթարկուեցան եւ ղրկուեցան ձերբակալուելու, բայց հերթապահ դատարանին որոշումով՝ անոնք ազատ արձակուեցան։ Դատախազ Կէօքալփ Քէօքճիւ առարկեց այս որոշումին դէմ ու հրահանգեց, որ երկու ոստիկանները ձերբակալուին։ Այս կերպով, Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ձերբակալուեցան պետական պաշտօնեաներ։
Ինչո՞վ կ՛ամբաստանուին սակայն այս երկու ոստիկանները։ Անոնց դէմ ընդհանուր ամբաստանութիւնը կը կայանայ «պարտականութիւնը չարաչար գործածելու» եւ «թերացումի հետեւանքով մահուան պատճառ դառնալու» մէջ։ Զենիթ դատի ամբաստանեալներէն Էրհան Թունճելի հետ հեռաձայնով խօսակցութիւններ ունեցած է նախքան ոճիրի գործադրութիւնը։ Այդ խօսակցութիւններու պարունակին նայելով կը պնդուի, թէ ոստիկանները իրենց ստացած տեղեկութիւններէն տեղեակ չեն պահած Պոլսոյ լրաքաղութեան բաժինը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.