Այս ձեռնարկին նպատակն է աւելի աշխուժացնել Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու աշխատանքը, Հայաստանի մէջ ուսանելու կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ աւելիով ամրապնդել հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ կապերը եւ յարաբերութիւնը:
Այս ձեռնարկին պիտի մասնակցին հետեւեալ կազմակերպութիւնները՝ «ԹՈՒՄՕ»ն, «Միացեալ Ազգեր Հայաստան»ը, «Հայկական Հող եւ Մշակոյ»չը, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը, Հայաստանի Ծառատնկումի ծրագիրը, «Հայ Կամաւոր Ջոկատներ»ը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կամաւոր սպասարկութեանց «Երտասարդական ջոկատներ»ը (AYF Youth Corps), «Դէպի Հայք»ը, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, «Փարոս» հիմնարկութիւնը, «Ընտանիք»ը, Հայաստանի «Հեպիթափ ֆոր Հիւմենիթի»ն, «Օրրան»ը, «Նոր Լոյս» խորհրդատուական կեդրոնը եւ «Զարթօնք 89»ն:
«Կը հաւատանք, որ երբ անհատ մը իր ժողովուրդին մէջ երկար ժամանակ կ՛ապրի եւ կ՛աշխատի, աւելի անմիջական գործօն մասնակցութիւն կ՛ունենայ իր համայնքին մէջ, վերադառնալէն ետք», ըսաւ Ստեփան Ալթունեան՝ այս ձեռնարկը կազմակերպողներէն մէկը։ «Ոմանք նոյնիսկ կ՛որոշեն վերադառնալ եւ հաստատուիլ հայրենիքի մէջ», աւելցուց ան:
Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ գաղութէն երիտասարդ հայեր հայրենիք հաստատուելու շարժումի մը սկսած են եւ ձեռնարկը կազմակերպողները կը յուսան, որ սոյն հաւաքը նոր խթան մը պիտի ըլլայ հայրենադարձութեան ուղղութեամբ:
Կազմակերպիչները այս ձեռնարկին ընթացքին կ՛ուզեն ներկայացնել ծրագիրները եւ առիթ ստեղծել, որպէսզի մասնակցող կազմակերպութիւնները ներկաներուն բացատրեն իրենց աշխատանքը: Յառաջիկային, հիւր դասախօսներու անունները պիտի յայտարարուին:
Հայրենիքի մէջ կամաւոր աշխատանքի կարելիութեանց նուիրուած այս հաւաք-ցուցադրութիւնը առիթ պիտի ընծայէ հետաքրքրուող հայրենակիցներուն՝ ծանօթանալու այլազան մարզերու, որոնց շարքին՝ Հայաստանի մէջ ուսանելու կարելիութիւն, հանրային առողջապահութեան ծառայութիւն, շինարարական կամաւոր աշխատանք: Այս աշխատանքի դաշտերը կամաւորներուն առիթ կրնան ընծայել, որ հայրենիքին ծառայեն իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին:
Այս ձեռնարկը կը հովանաւորեն՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը, որուն հիմնական նպատակն է արթնցնել եւ զօրացնել հայ երիտասարդութեան ընկերային, քաղաքական, կրթական եւ մշակութային գիտակցութիւնը եւ Համահայկական ուսանողական կազմակերպութիւնը, որ զանազան համալսարաններու հայ ուսանողական միութիւններու համախմբումն է, ինչպէս նաեւ «Օքսիտենթըլ» համալսարանի Հայ ուսանողական միութիւնը:
Ձեռնարկին մուտքը ազատ է հանրութեան համար եւ լայն կանգառ կայ շէնքին շուրջ։ Զովացուցիչներ պիտի հրամցուին ամբողջ օրը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Wonderful idea! Any time frame?