ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Փաստօրէն՝ երբեմն այո՛, ինչպէս անցնող Կիրակի օր պատահեցաւ Յունաստանի մէջ, ցնցելով ոչ թէ նոյնինքն Յունաստանը, այլ՝ Պրիւքսելը, Միջազգային դրամական հիմնադրամը (IMF), Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատունը եւ վայրագ դրամատիրութեան յաղթարշաւով գինովցած Արեւմուտքի ելեւմտական աշխարհը՝ առհասարակ:
Արմատական ձախի դաշնակցութիւնը, Սիրիզա(*), խլելով յոյն ժողովուրդի քուէներու աւելի քան 36 տոկոսը, տիրացաւ խորհրդարանի 300 աթոռներէն 149ին: Սիրիզայի՝ փողկապ չսիրող ղեկավար Ալեքսիս Ցիփրաս ստանձնեց վարչապետի պաշտօնը:
Անդրազգային ընկերութիւնները եւ միջազգային ելեւմտական հաստատութիւնները, որոնք պատճառ հանդիսացան համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամին, 2008ին (ու ատոր համար ալ… վարձատրուեցան հարիւրաւոր միլիառներով), համաշխարհային ծաւալի տնտեսական պատերազ մը շղթայազերծած են, բառացիօրէն կողոպտելու համար այլոց բնական հարստութիւնները: Արեւմուտքի քաղաքական ուժի կեդրոնները իրենց ամբողջական հակակշիռին տակ առած նոյն այս շրջանակները կը փորձեն պարտադրել այնպիսի տնտեսական վարքագիծ մը, ուր հարստութեան բաշխումը տեղի ունենայ ոչ թէ վերէն վար, այլ՝ վարէն վեր, զայն կեդրոնացնելու համար իրենց ձեռքը:
Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, այս քաղաքականութիւնը կը բացատրեն «անմեղ», բայց մոլորեցնող բառով մը՝ ժուժկալութիւն (austerity): Այսինքն ծախսերու կրճատում: Կրճատում բոլոր այն ծախսերուն, որոնք կը կատարուին հանրային բարօրութեան համար՝ թոշակներ, առողջապահութիւն, դպրոցներ, ընկերային յատկացումներ եւ այլն: Այս բոլորը՝ որպէսզի վերի 1 տոկոսը նուազ տուրք վճարէ (տոկոսային առումով, միլիառատէր Ուորըն Պաֆեթ աւելի քիչ տուրք կը վճարէ, քան իր հեռաձայններուն պատասխանող քարտուղարուհին): Այս վարքագիծը նաեւ կառավարութիւններուն կը պարտադրէ սեփականաշնորհել իրենց հակակշիռին տակ գտնուող կառոյցները (հանրային փոխադրութիւն, ջուր, ելեկտրականութիւն եւ այլն), որպէսզի անոնք վերածուին անհատներու կամ ընկերութիւններու համար դրամական շահ կուտակելու միջոցի: Յունաստանի նոյնիսկ առաջարկուեցաւ… վաճառել Աքրոփոլիսը. կրնա՞ք երեւակայել ագահութիւնը:
Մէկ խօսքով, այս վարքագիծը կ՛առաջադրէ կթան կովի վերածել ժողովուրդներ ամբողջ:
«Բնականաբար», այս տիպի ժուժկալութիւնը չ՛ընդգրկեր… զինուորական մարզը: Հոն, մեղա՜յ, այդ բառը թապու է: Սա՝ ի միջի այլոց:
Յունաստանի մէջ «ժուժկալութիւնը» պատճառ դարձաւ, որ երկիրը կուտակէ մօտաւորապէս 315 միլիառ եուրօ արտաքին պարտք, անգործութիւնը անցնի 20 տոկոսի սահմանը եւ տնտեսութիւնը հասնի փլուզումի սեմին:
Սիրիզան, Յունաստանի մէջ, դիմադրեց այս վարքագիծին: Անիկա եկաւ ըսելու, որ բա՛ւ է եւ առաջարկեց երկու հիմնական կէտ: Առաջին, ջնջել երկրին արտաքին պարտքին մէկ մասը եւ, երկրորդ, մնացածին համար սակարկութիւններու բանակցութիւններ վարել:
Մսրայ Մելիքին նման, սարսափը պատեց… Անկելա Մերքելին, որ այս վարքագիծը յառաջ մղող հիմնական ուժն է:
Նման պարտքերու ջնջումը կամ կրճատումը բնականաբար ունի բազմաթիւ նախընթացներ: Ամէնէն ցայտունը Գերմանիոյ պարագան է: Արդարեւ, Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, 1953ին, Արեւմուտքը ջնջեց պարտուած Գերմանիոյ արտաքին պարտքին (30-50 միլիառ տոլար՝ ըստ զանազան աղբիւրներու) մեծ մասը, իսկ մնացեալը տարածեց 30 տարուան վրայ:
Սակայն Սիրիզան միայնակ չէ իբրեւ դիմադրող գաղափարական շարժում: Սպանիոյ մէջ եւս յառաջ եկած է համանման շարժում մը՝ Փոտեմոսը: Եւ գիտէ՞ք ինչ: Սպանիոյ ընտրութիւնները յառաջիկայ Մայիսին են: Յունաստանի ընտրապայքարի ընթացքին, Փոտեմոսի եւ նման շարժումներու ներկայացուցիչներ եկան Յունաստան՝ զօրակցելու Սիրիզային: Այս առումով նոյնը պիտի պատահի Սպանիոյ մէջ: Սա ցոյց կու տայ, որ Եւրոպայի մէջ գաղափարական առումով առողջ շունչ մը սկսած է: Վայրագ դրամատիրութեան հակակշիռին տակ ինկած Եւրոպայի մէջ ստեղծուող այս նոր շունչը Հայաստանի ու հայութեան համար եւս յուսադրիչ է, որովհետեւ ռազմավարական նոր գործակցութիւններ ու կարելիութիւններ կրնայ ստեղծել մեզի համար:
Հայ քաղաքական միտքը պարտաւոր է հաշուի առնել այս իրականութիւնները եւ առնէ մարտավարական այնպիսի քայլեր, որոնցմէ Հայաստան կարենայ օգուտ քաղել: Ի վերջոյ, պէտք է օգտուիլ բարերար երկրաշարժներէն…
(*) Յունաստան ծնած-մեծցած խմբագիր ընկերս բացատրեց՝ Սի. Ռիզ. Ա- Սինասփիզմոս Ռիզոսփասթիքա Արիսթերա, Արմատական ձախի դաշնակցութիւն: Արմատական եւ ոչ թէ «ծայրայեղական», ինչպէս բնութագրած էր մեր թերթերէն մէկը: