ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Սթար» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան դարձեալ մեղադրած է Հայկական Սփիւռքը՝ «սադրանքներու դիմելու», Թուրքիոյ հետ «ճակատում հրահրելու» եւ «բանակցութիւններէն փախուստ տալու» յանցանքներով։
Պետական կայանէն յատուկ հաղորդումի մը ընթացքին, Էրտողան Յունուար 29ի երեկոյեան պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն, որոնց մէկ մասը կ՛առնչուէր Հայկական Ցեղասպանութեան մասին Թուրքիոյ պաշտպանած տեսակէտներուն։
Էրտողան յայտարարած է, որ միակ բանը, զոր Սփիւռքը կ՛ընէ, իրեն հետ «որեւէ կապ չունեցող երկիրներու մէջ որոշումներ կայացնել տալն է»։ «Եթէ հարցնէք՝ քարտէսի վրայ Հայաստանը ցոյց տալ չեն կրնար, սակայն այդ երկիրներու խորհրդարանները Հայաստանի վերաբերեալ որոշումներ կը կայացնեն», յայտարարած է Էրտողան։ Ան կրկնած է պատմաբաններու յանձնախումբ ստեղծելու Թուրքիոյ յայտնի առաջարկը։
«Մենք մէկու մը պատուէրով պարտաւոր չենք Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու։ Եթէ անկեղծ էք, ապա եկէք ձգենք պատմաբանները փաստաթուղթերով աշխատին, զեկուցումներ ներկայացնեն մեզի, յետոյ մենք, իբրեւ քաղաքական գործիչներ՝ նստինք սեղանի շուրջ։ Եթէ մենք որեւէ յանցանք ունինք, եթէ վճարելու բան ունինք, մենք՝ իբրեւ Թուրքիոյ պետութիւն, պիտի առնենք անհրաժեշտ քայլերը։ Սակայն միակ բանը, զոր հայերը կ՛ընեն՝ «Թուրքիան մեղաւոր է» ըսելն է», ըսած է ան։
«Մարմարա» կ՛աւելցնէ, թէ Էրտողան, իր կողմէ յաճախ կրկնուած այս խօսքերէն բացի, պատասխանեց նաեւ իր նամակին առնչութեամբ ուղղուած հարցումի մը. «Յայտնի է, որ մենք տկար մնացած ենք մասնաւորաբար ամբողջ աշխարհին մէջ գործող սփիւռքահայութեան դիմաց։ Գիտէք, որ միջազգային լոպիական ընկերակցութիւններ կան. ասոնց համար շատ լուրջ գումարներ կը ծախսուին։ Նորութիւն չէ. մէյ մըն ալ կը նայիք, որ Հոլիվուտի մէջ ժապաւէն մը կը պատրաստեն. այսպիսի ժապաւէններով կը ջանան ազդեցութիւն գործել։ Մենք սա պահուն չենք մտածեր նմանօրինակ գումարներ ծախսելով՝ այսպիսի ձեռնարկներու մէջ մտնել, որովետեւ այդ գումարները սովորական գումարներ չեն»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.