«Մենք մեր աջակցութիւնը կը յայտնենք հրեայ ժողովուրդին։ Անոնք մեր ազգի կարեւորագոյն մասերէն են։ Մենք պէտք չէ մոռնանք նաեւ հայ ժողովուրդին դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը։ Ուրուկուէյ կը պնդէ, որ պատշաճ յարգանք ու հանդուրժողականութիւն պէտք է ըլլայ մարդկութեան դէմ գործուած բոլոր յանցանքներուն համար», ըսած է Մուխիքա՝ աւելցնելով, որ միայն որակաւոր կրթութիւնը եւ հանդուրժողականութեան ուղղուած մարզումները կրնան դառնալ աշխարհի մէջ խաղաղ գոյակցութեան երաշխաւորը։
Նշենք, որ անցեալ շաբաթ, Մուխիքա հանդիպած էր Ուրուկուէյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ եւ ընդառաջելով հայ համայնքի խնդրանքին՝ համաձայնած էր իր բարձր հովանաւորութիւնը շնորհել Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկներուն:
«Գիտեմ, որ թուրքերը պիտի նեղանան, սակայն համոզուած եմ, որ ցեղասպանութիւն է տեղի ունեցած, եւ եթէ կրնամ օգտակար ըլլալ՝ սիրով համաձայն եմ ընդունելու այդ առաջարկը», ըսած էր ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.