ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Տեղի ունեցաւ ծեծկռտուք, ստեղծուեցաւ անհամ կացութիւն:
Դէպքէն ետք, Արցախի Հանրային հեռատեսիլէն ելոյթ ունենալով, Արցախի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբէկեան բացայայտեց, թէ անձամբ ինք եւ բազմաթիւ ուրիշ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ Արցախի ապահովական թէ քաղաքական բնագաւառներէն, բազմիցս խօսած են խմբակի ղեկավար Ժիրայր Սեֆիլեանին հետ, խնդրելով, որ այդ քայլը չ՛առնէ: Ըստ երեւոյթին ի զուր:
Իբրեւ դաշնակցականներ, ՀՀ իշխանութիւններուն սիրահարուելու շատ պատճառնենք չունինք: Սակայն անհրաժեշտ է քանի մը հարցադրումներ ընել հոս:
Հայաստանն ու հայութիւնը որեւէ շահ արձանագրեցի՞ն այս դէպքին պատճառով: Յստակօրէն՝ ոչ: Հայաստանի ու հայութեան համար նպաստաւո՞ր էր պատահարը: Դարձեալ՝ ոչ: Հայաստանի դէմ դիրքորոշուած շրջանակներ, կամ պետութիւններ, առաջին հերթին Թուրքիա եւ Ատրպէյճան, նպաստաւորուեցա՞ն այդ միջադէպէն: Վստահաբա՛ր այո:
Եկէք աւելի մեծ պաստառի վրայ դիտենք հարցը:
Շրջանէն ներս Թուրքիոյ դաշնակից Ատրպէյճանը, գաղտնիք չէ, որ անընդհատ կը փորձէ լարուածութեան աստիճանը բարձրացնել Արցախի սահմաններուն վրայ: Անցնող ամիսներուն, շաբաթ չանցաւ, որ զոհ չունենայինք: Հայկական պաշտպանութեան ուժերը, իրենց կարգին, լարուած վիճակի մէջ են թշնամիին ոտնձգութիւններուն պատասխանելու, կամ զանոնք կանխարգիլելու համար:
Միւս կողմէ, համայն հայութիւնը, Սփիւռքով ու պետականութեամբ, կը պատրաստուի Ցեղասպանութեան 100ամեակին: Անցնող շաբթուան վերջերուն, Ծիծեռնակաբերդի մէջ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, իբրեւ պետութեան ղեկավար, ներկայութեամբ պետական աւագանիին եւ 100ամեակի Կեդրոնական յանձնախումբին, հրապարակեց 100ամեակի հռչակագիրը: Այս փաստաթուղթը, իրաւական եւ քաղաքական զոյգ առումներով, ճամբու քարտէս պէտք է համարել Հայկական հարցի պայքարի ծիրէն ներս: Այս փաստաթուղթով, մեր պայքարը նոր հանգրուան կը թեւակոխէ: Այս պայքարը կը պահանջէ, որ ամբողջ հայութիւնը լարէ իր ուժերը, գումարէ իր կարողութիւնները: Ի վերջոյ, հարցը կը վերաբերի մեր իրաւունքներու վերատիրացումին, չէ՞:
Բայց հազիւ քանի մը օր անց այս փաստաթուղթի պաշտօնական հրապարակումէն, ահաւասիկ խմբաւորում մը, որ կը դիմէ ցուցական քայլի՝ դէպի Արցախ ինքնաշարժներու շարասիւնով երթ կազմակերպելով՝ հակառակ եղած թելադրանք- խնդրանքներուն:
Բայց խնդիրը միայն հոս չի կայանար: Հարցը կը կայանայ հոն, ուր նոյն այդ խմբաւորումը իր կեցուածքները դրսեւորելու համար ընտրած էր հետեւեալ կարգախօսը՝ «Հարիւրամեակը առանց ռեժիմի»: Այսինքն, Հայաստանի մէջ վարչակարգի փոփոխութիւն կատարել հարիւրամեակէն առաջ: Կարեւոր չէ, թէ հայութիւնը, իբրեւ ժողովուրդ եւ պետութիւն, քաղաքական կամ ժողովրդային մակարդակներու վրայ ինչեր կը ծրագրէ մեր իրաւունքները, մեր պահանջները առաջ մղելու համար: Այս բոլորը՝ հէչ: Կարեւորը վարչակարգը հերոսաբար տապալելն է:
Հիմնական խնդիրը սա է. ընդունելի չէ, որ մեր իրաւունքներու հետապնդումի ճամբուն վրայ կարեւոր հանգրուան հանդիսացող հարիւրամեակը կապուի վարչակարգի փոփոխութեան: Ի վերջոյ հայերէն լեզուի բառապաշարին մէջ «առաջնահերթութիւն» բառը կայ: Այս թիւր մտածողութիւնն է, որ ըստ մեզի անընդունելի է, այնպէս, ինչպէս որ անընդունելի էր տեղի ունեցած բռնութիւնը:
Բայց այս թիւր մտածողութեան արդիւնք կարգախօսը հրապարակուած էր ամիսներ առաջ, չէ՞: Ճիշդ կ՛ըլլար այն, որ օրի՛ն փորձ կատարուէր տարհամոզելու այդ շարժումի ղեկավարները, որ փոխէին իրենց կարգախօսը, միաժամանակ ընդգծելով հանդերձ, որ ընդդիմադիր ըլլալը իրենց իրաւունքն է:
Ըստ իս, առաջին հերթին հայկական ու յատկապէս Հայաստանի մամուլը այս կապակցութեամբ ըսելիք պիտի ունենար, որ տղա՛ք, չ՛ըլլար, փոխեցէ՛ք ձեր կարգախօսը, հարիւրամեակը մի՛ կապէք վարչակարգէն ձեր դժգոհութեան:
Այս իմաստով, իբրեւ հրապարակագիր թերեւս ես եւս ունիմ յանցանքի իմ բաժինը, որպէսզի այս թիւր մտածողութիւնը մեզ չյանգեցնէր Հայաստանի ու հայութեան համար նշեալ աննպաստ ու անհամ կացութեան:
Լոս Անճելըս,
Փետրուար 4, 2015
vproodian@gmail.com