ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այս տարի իմ կարգս է: Ժամկէտ՝ տարեդարձիս թուականը: Պարտաւոր էի: Օրէնք էր: Ուստի դիմեցի «Տի.Էմ.Վի.»ի՝ ինքնաշարժ վարելու արտօնագիր ձեռք ձգելու բաժինի կայքէջին: Ուրախացայ: Հայերէն լեզուով ալ կարելի էր այդ քննութիւնը «տալ»: Անկեղծօրէն տեսակ մը անօրինակ զգացումով լեցուեցաւ սիրտս: Շատ ու շատ տարիներ առաջ, երբ Տիթրոյիթ կը բնակէի, նման քննութիւն արաբերէնով «տուած էի»: Ապա, երբ Կլենտէյլ հաստատուեցայ, այդ մէկը անգլերէնով «անցուցի»: Իսկ հիմա չեմ գիտեր խելքս «ինչ փչեց», որ անպայման հայերէնով «տամ»: Ուստի գացի «Տի.Էմ.Վի.»ի կեդրոն: Ինծի «Վարորդի Ձեռնարկ» անունով արեւելահայերէն գրքոյկ մը տուին: Ահա քեզի հայերէն՝ ըսի մտովի: Կարդացի քանի մը անգամներ: Հանդիպեցայ հին ու նոր, ծանօթ եւ անծանօթ բառերու: Այսպէս՝ «ինքնութեան քարտ», «ամրագօտի», «շրջադարձ», «նստոց», «կենդանաքաշ մեքենայ»,«ինտենսիւ երթեւեկում» «ավտոմեքենա» «տրանսպորտային», «ցոլալապտեր», «ավտոբուս», եւ ամէնէն տարօրինակը՝ «Կալիֆոռնիա»ն: Այս ընթերցումներէս ետք մտածեցի, որ անգլերէնով «տալս» աւելի հեշտ պիտի ըլլար: Նման մտմտուքի մէջ կորսուած էի, երբ խարբերդցի ժողովականներէս Գօգօն, իր հրաշք «գիւտը» բացայայտեց, երկինքէն ինկած բարիքի մը նման.
– Մեր լեզուով ալ կայ. կրնաս «տալ»,- ըսաւ ու ինծի տուաւ արեւմտահայերէնով քննութեան քանի մը օրինակներ, որոնց հարցումներուն մօտ պատասխաններ ալ կային: Յստակ էր, թէ բարեկամս ըսել կ՛ուզէր, որ արեւմտահայերէնով ալ Քալիֆորնիոյ վարորդական քննութիւն կարելի էր տալ եւ խնդալով աւելցուցած՝ նոյնիսկ թրքերէնով: Բայց յիշեցուցած էր նաեւ, թէ «մեր լեզուով» յատուկ գրքոյկ չկար:
Հոգս չէր: Ուստի, մէկ կողմ դրի արեւելահայերէն գրքոյկը ու քիչ մը աւելի մխիթարուած՝ ես ինծի սկսայ յամառօրէն արեւմտահայերէնով պատրաստուած հարցումները պարապելու:
«Աստուած իմ, այս ի՞նչ հայերէն էր», ըսի մտովի: Արեւմտահայերէնէ բացի ամէն բանի կը նմանէր: Խառնարան: Ո՞վ էր թարգմանիչը: Սարսափելի եւ նոյնքան ալ ամօթալի: Այսպէս՝ «դժվարանաք», «ճիշտ», «վերոյիշյալ», «տուգանուիլ», «իրավունք», «կը հայտնէ», «մոտենալ», «հետիյոտն», «ադ», «ասի», «սովորութիւն չի», «հետո», «անւունում կուզէ», «առավելագոյն», «վիրավոր», «բաժանված» եւ տակաւին շարքը կ՛երկարէր:
Հաւատացէ՛ք, ամչցա՛յ: Սխալներ եւ ան ալ՝ աչք ծակող սխալներ:
Միշտ կը հպարտանանք ու բարձրաձայն կ՛աղաղակենք, թէ ամբողջ այս նահանգին մէջ շուրջ երկու միլիոն հայեր կ՛ապրին: Եկուր եւ բացատրէ՛ մեր կեանքի այս «ցեխոտ» դաշտանկարը: Ինծի համար խորն էր իրականութիւնը եւ ցաւալի: Բացայայտ էր, թէ հայ լեզուն կորսնցուցած էր իր բանալին: Դուրսէն տեսնողին համար իրապէս, որ հայերէն գիտցող արեւմտահայ մը չկար այս նահանգին մէջ: Այս ի՜նչ խեղճութիւն էր: Խորունկ սխալ մը կար: Արդեօք հայ լեզուի մաքրութիւնն ու հարազատութիւնը Հայ Դատին մաս չէի՞ն կազմեր: Ո՞վ սրբագրել պիտի տար լեզուական այս բարբարոսութիւնը: Միւս կողմէ ալ՝ չեմ գիտեր այս տողերովս որքանո՞վ բան մը պիտի կարենայի փոխել: Նաեւ չեմ գիտեր, թէ արդեօք բան մը կրնա՞յ փոխուիլ այս բծախնդրութիւններու յայտնաբերումներովս եւ նոյնքան ալ դասաւորումներովս: Մեղքը իրենց վիզը: Այնպէս կ՛երեւի, թէ մինչեւ հիմա՝ «ոչ մէկուն հոգն էր»: Իմ կողմէ սակայն կը կարծեմ, որ անպայման՝ զգաստութեան հրաւիրելու անմեղ եւ անկեղծ փորձ մըն է այս գրութիւնս, որ կը հասցէագրուի բոլորին, պատասխանատու դիրքերու վրայ նստած ղեկավարներէն մինչեւ պարզ հայ մահկանացուն: Ձեւով մը տէր կանգնիլ մեր լեզուին: Իրականութեան փնտռտուք:
Անկեղծօրէն, չէի կրնար այս ամէնը վարագոյրի ետեւ նետել կամ պահարանի մը մէջ պահել: Յստակ էր, թէ այս նահանգին մէջ ալ մեր հայ կեանքը շուարած էր, որովհետեւ կարծես «հայ մարդոց» համար էականը ուրիշ բան էր: Ճիշդ էր, որ ամերիկեան հեւքին մէջ շատ ծանր կը պայքարինք բան մը պահելու համար: Բացայայտ էր, թէ ընտրած էինք դիւրին միջոցը: Պէտք էր զգաստանալ: Հարցը կամ էականը հիմա՝ ինչպէ՞ս տէր կանգնիլ արեւմտահայ մեր ժառանգութեան: Ուրկէ՞ սկսիլ: Դպրոցներէ՞ն, ակումբներէ՞ն, հայ կեդրոններէ՞ն, տուներէ՞ն: Չե՛մ գիտեր: Մամուլով, ժողովներով, կլոր սեղաններով: Այդ ալ չեմ գիտեր: Թերեւս հազար անգամ կրկնած եմ, թէ Սփիւռքի մէջ հայ ըլլալն ու մնալը մեծ ճիգ կը պահանջէ: Հաւատք: Զոհաբերութիւն: Սակայն որո՞ւ կ՛ըսես: Հիմա ինչպէ՞ս հաշտուիլ այս նոր իրականութեան հետ: Յաճախ հեռատեսիլներու յայտագիրներէն, խօսնակներու արտայայտութիւններէն, հրապարակային ձեռնարկներու ընդմէջէն եւ կամ բեմերէն ամէն տեղ հոգածութեան եւ բծախնդրութեան պակաս կը նշմարուի հանդէպ մեր լեզուին՝ արեւմտահայերէնին: Ան, որ խօսք կ՛առնէ ու քանի մը մաշած ու հինցած բառերով կը փորձէ արտայայտուիլ, կը կարծէ, թէ ինք մեր լեզուն «լաւ գիտէ»: Խօսքս բացառութիւններու մասին չէ: Այս ձեւով յստակ է, թէ հայ մարդիկ հայոց լեզուին հետ կը խաղան ցաւալի տգիտութեամբ:
Բայց բոլորը թող գիտնան, որ մեր լեզուն վանկերու խումբ մը չէ, ոչ ալ հանգերու տողանցք: Անոր իւրաքանչիւր բառը պատմութիւն մը ունի եւ առանձին նշանակութիւն։ Չենք կրնար անտեսել անոր ամէն տեսակի կանոնները, ըլլան անոնք ուղղագրական, քերականական կամ շարադասական: Այս բոլորը ցոյց կու տան մեր անկարողութիւնն ու մեր միտքի սահմանափակումը: Կարծես մոռցած ենք, որ մեր լեզուն մեր հողին նման վերապրումի գործիք մըն է, եւ թէ մեր հոգեկան սնունդը մեր լեզուէն ալ կու գայ:
Լեզուն ցեղ ալ է: Անոր ներշնչումով նաեւ կը շարադրուի մեր պատմութիւնը: Լաւ պէտք է մտածել, թէ ինչպէ՞ս կարելի է պաշտպանել մեր լեզուի իշխանութիւնը եւ խնամքով պահել զայն ժամանակի աւերին դէմ:
Լեզուն չգիտնալը մեղք չէ, ամօթ ալ չէ. կը սորվինք, սակայն անոր ճիշդ գործածութեան հանդէպ անհոգ ըլլալը մեծ մեղք է ու ամօթ: Սթափումի ճիգ պէտք է: Հայ մտքի կոփում: Ե՞րբ մենք մեզի պիտի վերադառնանք: Ե՞րբ վերեւը յիշած մատնանշումներուն այժմէականութեան պիտի գիտակցինք: Դուք ըսէք: Պատասխանը մօտս չէ: Կարելի չէ միշտ ծածկել միտքի ու լեզուի ողբալի նման խեղճութիւնները: Չենք կրնար եւ աւելին՝ իրաւունք չունինք անտարբեր անցնելու այս բոլորին կողքէն: Հայուն՝ ըլլայ ան արեւելահայ կամ արեւմտահայ, իր լեզուին ու ինքնութեան որակի եւ տեսակի պահպանումը առաջնահերթութիւն է բոլորիս համար՝ պատասխանատու անձ կամ ոչ:
Լեզուն ալ Հայ Դատին մաս կը կազմէ, կը կրկնեմ: Ուստի իւրաքանչիւրիս մէջ բնակող մեր մայրենին անպիղծ եւ անաղարտ պահելու պատասխանատուութեան հաւատարմութիւնը կը փնտռեմ այսօր, ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ ետք։ Վերջապէս, պետական կամ տեղական գրասենեակներէ ներս կամ դիմումնագիրներու եւ կամ ծանուցումներու վրայ պէտք է սրբագրուին այս խեղկատակ ու խղճալի հայերէնով գրութիւններն ու խօսքերը, հոգ չէ թէ քանի հոգիի համար անոնք պատրաստուած ըլլան: Լեզուն եւ մանաւանդ ինծի եւ նմաններուս համար արեւմտահայերէն լեզուն անաղարտ պահելը նախապայման է: Չմոռնանք. արդէն զայն գործածողներու թիւը հետզհետէ կը նօսրանայ: Ցաւալի. բայց իրականութիւն:
Այս է հրամայականը:
Այս բոլորը՝ որովհետեւ անձնապէս եւ յամառօրէն տակաւին կը մնամ, կ՛ուզեմ մնալ եւ պիտի մնամ նոյն այդ լեզուին համեստ պահակը եւ ոչ թէ պարզ հանդիսատեսը:
Լաւ յիշեցէ՛ք՝ մեր ներկան մեր վաղուան հայելին է:
Harkeli Baron Bedigian, ABRIK, HAZAR ABRIK, Serdis yev hokiis ampoghch oujknoutiamp gu shenorhavorem TZEZ. Hrjvankov gartatzi tzer ays hotvadzu. yerani urakanchur HAY anhad tzezi bes mdadze, yev manavant ays hotvadzu gartalov zkasdana vor AREVMDAHAYEREN lezoun yev Spelling-u OUR bidi yerta. Yes al Beyrouth-en Canada hasdadvadz em 45 darinere iver, zavagnerous yev tornerous mimiayn hayeren gu khossim yev 5 tornigners Haygagan Varjaran gu hajakhen. Gu nerek yete tzezi khankaretzi. Tartzial dbetzek ays hotvadzu minchev vor ir deghu kedne.
,
Հոյակապ ձևակերպում-շարադրանք է, ապրեք: