Սրբազանը տիրող հոգեւոր մթնոլորտին մէջ տուաւ իր սրտաբուխ պատգամը:
Քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման կարգը տեղի ունեցան Կիրակի, Յունուար 25ին, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ: Պատարագը մատուցեց առաջնորդը: Սրբազանը, անգամ մը եւս հաստատելէ ետք ընծայալին հաւատքն ու ուղղափառ դաւանութիւնը՝ պատշաճ աղօթքով զինք ձեռնադրեց:
Սրբազանը ստեղծուած հոգեւոր ջերմ մթնոլորտին մէջ տուաւ իր ոգեւորիչ պատգամը: Ան յայտնեց, թէ նորընծան Միացեալ Նահանգներ ժամանելէ ետք ծառայած է Վեն Նայսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ եւ ծուխի հոգեւոր հովիւ Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեանի քաջալերութեամբ կոչումը ստացած է հոգեւորական դառնալու: Աստուածաբանութեան ճիւղին մէջ մագիստրոսի տիտղոս ստացած է UCLA-էն, յաճախած է Նիւ Եորքի Ս. Ներսէս ընծայարանը, ապա որոշ ժամանակ մը Ս. Էջմիածին մեկնելով՝ փորձառութիւն ձեռք բերած է: Սրբազանը յայտարարեց, որ տէր հայրը հոգեւոր հովիւ նշանակուած էր Սաքրամենթոյի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ, եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նորընծայ տէր հօր ձեռնադրութեան եւ օծման կնքահայր եւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Անդրանիկ Զօրայեանին եւ կնոջը՝ Վերժինիային: Նոյնպէս, ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտ. եւ տիկին Վահրամ եւ Փօլինա Պիրիճիքներուն եւ խնամակալութեան յանձնախումբի անդամներուն, որոնք զօրավիգ կանգնած էին Մկրտիչ սարկաւագին: Ապա, սրբազանը փոխանցեց իր հոգեւոր պատգամը։
Նորաօծ տէր հայրը, իր հոգեւոր խորհրդածութեանց եւ պատրաստութեան քառասունքի շրջանը բոլորելէ ետք, Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ իր անդրանիկ պատարագը պիտի մատուցանէ Կիրակի, Մարտ 1ին, իսկ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ՝ Ծաղկազարդի Կիրակին, Մարտ 29ին:
Օծման աւարտին, առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, ի պատիւ նորընծայ Եղիշէ քհնյ. Քսաչիկեանի: Հանդիսավարն էր Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեան, որ հիւրերուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, հրաւիրեց Արմաւիրի թեմի առաջնորդ Սիոն եպս. Ադամեանը, որ կատարէ սեղաններու օրհնութիւնը: Ճաշկերոյթի ընթացքին ցուցադրուեցաւ տէր Եղիշէի կեանքի զանազան հանգրուաններու սահիկներ: Խնամակալութեան յանձնախումբին անունով, ատենապետ դոկտ. Վահրամ Պիրիճիք իր պատգամը փոխանցեց՝ անդրադառնալով խնամակալութեան ծրագիրներուն արձանագրած յաջողութիւններուն:
Անդրանիկ Զօրայեան եւս շնորհաւորական իր խօսքը ուղղեց տէր հօր, երէցկնոջ եւ Քսաչիկեան ընտանիքին, ապա իր յատուկ երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդին, որ մեծ ջանք կը թափէ պատրաստելու երիտասարդ եւ զարգացած հոգեւորականներ, որոնք նուիրումով պիտի ծառայեն համայն հաւատացեալներուն:
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի ատենապետ Ռատ սրկ. Ճորճորեան ծուխին անունով շնորհաւորեց նորընծայ տէր հայրը եւ յոյս յայտնեց, որ նոր ծուխը վերազարթօնք մը կ՛ապրի: Ան յատուկ երախտագիտութիւն յայտնեց առաջնորդին, որ մօտէն կը հետաքրքրուի ծուխով:
Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեան թեմի հոգեւորականաց դասին անունով իր ջերմ շնորհաւորութիւնները փոխանցեց նորընծային եւ անդրադարձաւ անոր ծառայասիրութեան ու ազնիւ նկարագիրին: Ապա դոկտ. Պիրիճիք խնամակալութեան անունով նուէր մը յանձնեց տէր հօր եւ ծաղկեփունջ մը՝ երէցկնոջ:
Նորընծայ տէր հայրը իր անդրանիկ պատգամը եւ սրտի խօսքը փոխանցեց՝ երախտագիտութիւն յայտնելով առաջնորդին, եւ խորին շնորհակալութիւններ՝ խնամակալութեան։ Սրբազանը սրբապատկեր մը նուիրեց Անդրանիկ Զօրայեանին, ապա հոգեւորականներ միասնաբար երգեցին «Գովեա Երուսաղէմ» շարականը, եւ յայտագիրը վերջ գտաւ առաջնորդին «Պահպանիչ»ով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.