
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– «Բարգաւաճ Հայաստան»ը, «Ժառանգութիւն»ը եւ Հայ ազգային կոնգրեսը պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են 15 Փետրուարին երեք ուժերու ղեկավարներու հանդիպում կայացնելու մասին՝ Համաժողովրդական շարժման յառաջիկայ ընելիքները քննարկելու եւ որոշելու նպատակով: Այդ մասին նշուած է ոչ իշխանական եռեակի կուսակցութիւններուն 9 Փետրուարին տարածած միացեալ հաղորդագրութեան մէջ։