Հանդիպման ընթացքին ներկայ կրօնաւորները խօսեցան իրենց համայնքները յուզող հարցերու մասին եւ շեշտուեցաւ միջ-կրօնական համագործակցութեան կարեւորութիւնը:
Վարդան աբղ. Թաշճեան ներկայացնելով առաջնորդ սրբազան հայրը, խօսք առաւ եւ յայտնեց՝ ըսելով. «Մարդ անհատը հակառակ իր ինքնորոյն հաւատքին ու դաւանանքին, իր նմանին հետ զինք միացնողը սիրոյ եւ փոխյարգանքի արժէքներն են, հետեւաբար, կրօնքը իր ընդհանուր հասկացողութեամբ մարդկութիւնը իրար կապող եւ գօտեպնդող միակ ճամբան է»:
Աւարտին, քաղաքապետ Քորտեր շնորհակալութիւն յայտնելով ներկայ հոգեւոր պետերուն, իր կարգին շեշտեց միջ-կրօնական համագործակցութեան կարեւորութիւնը ձեռք բերելու համար խաղաղ եւ ծաղկուն ապագայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.