ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Հայ հանրութիւնը (Հայաստան թէ Սփիւռք) տակաւին չէ մարսած մօտաւորապէս շաբաթ մը առաջ Բերձորի մէջ պատահած դատապարտելի արարքը, որուն ընթացքին դարձեալ տեղի ունեցած էր խոշտանգում, այս անգամ՝ ոչ այդքան «անծանօթներու» ձեռքով:
Անձնապէս զիս չեն հետաքրքրեր վերջին դէպքի հաւանական դրդապատճառներուն մասին վարկածները, որոնք բամբասանքային են՝ լաւագոյն պարագային: Այսինքն, իշխանութիւննե՞րը դեր ունին արարքին մէջ, թէ կրնայ անձնական դրդապատճառներով կատարուած ըլլալ: Կամ արդեօք այսինչ քաղաքի ոստիկանապե՞տն է արարքին ետին կանգնողը, թէ անհատական նախանձի խնդիր կայ, եւ այլն: Ասոնք միայն աղբանոցի արժանի խնդիրներ են: Հետեւաբար, ոչ մէկ լուրջ անձ պէտք է ժամավաճառ ըլլայ նման բաներով:
Բուն հարցը կը կայանայ ուրիշ տեղ:
Այսօր, փաստօրէն, Հայաստանն ու հայութիւնը կը գտնուին երկու շատ լուրջ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման: Առաջինը կը վերաբերի Արցախին, թէ՛ քաղաքական եւ թէ ապահովական առումներով: Իսկ երկրորդը՝ հայութեան իրաւունքներու հետապնդումին, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակով, նոր որակ ու թափ ստանալու պարտադրանքին դիմաց կը գտնուի, յատկապէս նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ հրապարակուած հռչակագիրէն ետք: Իմ կարծիքովս, այս երկուքն են մեր այսօրուան ԱԶԳԱՅԻՆ առաջնահերթութիւնները:
Այս առաջնահերթութիւնները դիմագրաւելու համար, հայկական ներքին ճակատէն նախ կը պահանջուի լարել, գումարել, համախմբել եւ զօրաշարժի ենթարկել մեր բոլոր կարելիութիւնները եւ կարողութիւնները: Տարբեր խօսքով, ազգային հաւաքական կամք ստեղծել ու պահպանել: Ապա (նոյնքան կարեւոր)՝ ԹՈՅԼ ՉՏԱԼ, որ այս գործընթացը խանգարուի կողմնակի, 10րդական մակարդակի փնթիութիւններով:
Մենք չունինք, օրինակի համար, Ֆրանսայի պերճանքը, ուր այս օրերուն Լիլի մէջ, տեղի կունենայ ՄԴՀի (IMF) նախկին տնօրէն Տոմինիք Սթրաուս Քանի աղմկալի դատը: Հոն շօշափուող հիմնական «խնդիրը», առայժմ, անոր սեռային շահատակութիւններն են (Տոմինիք Սթրաուս Քանի հիմնական «մեղքը» բնականաբար ուրիշ բանի մէջ կը կայանայ. բայց այդ մէկը դուրս է մեր այսօրուան նիւթէն): Ֆրանսայի անհեռատես ղեկավարութիւնը, յատկապէս վերջին տասնամեակին (մօտաւորապէս), երկիրը մխրճած է ընկերային, տնտեսական ու արտաքին քաղաքական լուրջ խնդիրներու մէջ: Սակայն հիմա զբաղած է Սթրաուս Քանի սեռային խրախճանքներու քննարկումով: Ան ունի այդ պերճանքը եւ ժամանակը: Այդ ալ Ֆրանսայի գիտնալիքն է:
Ամէն մարդ իր Կարապետը կու լայ: Մենք ալ վերադառնանք մեր Կարապետին:
Հայկական ներքին ճակատը ղեկավարողը, անոր տիրութիւն ընողը, առաջին հերթին եւ բնականաբար, պետութիւնն է, իր համապատասխան մարմիններով: Երկրորդ հերթին, հայ քաղաքական հոսանքները, ուժերն են: Երրորդը, անշուշտ մամուլն է (տպագիր, սփռուող, կամ ելեկտրոնիք):
Վերի «թոյլ չտալ»ը կարեւոր է հոս, որովհետեւ մեր թշնամիները, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան, իրենց ոտքերը պաղ ջուրի մէջ դրած վիճակի մէջ չեն: Բնականաբար, պիտի փորձեն խանգարել հայութեան ներքին ճակատը եւ ջլատել մեր ազգային հաւաքական կամքը՝ զանազան միջոցներով:
Հայկական ներքին ճակատը ամուր պահելու խնդիրին մէջ, ինչպէս վերը ըսինք, պետութիւնը լուրջ դերակատարութիւն ունի: Ան թոյլ պիտի չտայ (օրինակի համար), որ առեւանգումի կամ խոշտանգումի անընդունելի երեւոյթներ ստեղծուին ու բամբասանքային համաճարակներ ստեղ-ծեն: Իսկ եթէ նման դէպքեր պատահին, ան պարտաւոր է ամենաարագ ու կտրուկ միջոցներով յայտնաբերել ատոնց հեղինակները եւ օրէնքի տրամադրութիւնները թափանցիկ կերպով գործադրել: Պետութիւնը պարտաւոր է հանրային աչալրջութեան թէ՛ մակարդակը եւ թէ որակը բարձրացնել, որպէսզի ազգը կարենայ իր կիզակէտին վրայ պահել մեր արդար պահանջներու պայքարը: Դժբախտաբար սակայն, երբեմն պետութիւնը ի՛նք կը թերանայ իր… դերակատարութեան մէջ: Նորագոյն փաստերէն մէկը Պռօշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան պարագան է: Ոչ ոք թող փորձէ հակառակը պնդել:
Հայկական քաղաքական կազմակերպութիւնները, իրենց կարգին ու յատկապէս Հայաստանի մէջ, մեր ազգային առաջնահերթութիւնները հետապնդելու հարցին մէջ պարտաւոր են լծակիցները հանդիսանալու պետութեան: Անկախ անկէ, թէ իշխանութի՞ւն, իշխանամէ՞տ, թէ ընդդիմադիր կամ չէզոք են: Անձնական կամ խմբակային հաշիւներ մաքրելու, կամ քարոզչական «կօլեր» նշանակելու ատենը չէ հիմա:
Գալով մամուլին, հոն եւս կը պակսի մեր ազգային առաջնահերթութիւնները իրենց համապատասխան լրջութեան վրայ պահպանելու մօտեցումը: Մամուլը կը վխտայ բամբասանքային նիւթերով, ուր այս իսկ պատճառով, յաճախ կը կորսուի լուրջ ու մտածուած խօսքը:
Հայաստանն ու հայութիւնը, իրենց բաղկացուցիչ շերտաւորումներով եւ ուժերով, պարտաւոր են մեր դիմագրաւած ծանր պայքարին պահանջած լրջութեան մակարդակին վրայ մնալու: Որպէսզի ոչ ոք համարձակի կամ փորձէ խոշտանգել մեր… ազգային առաջնահերթութիւնները:
Փետրուար 11, 2015
Vproodian@gmail.com