ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանը ցնցումներէ եւ բախումներէ հեռու պահելու, անոր ներքին կայունութիւնը ամրապնդելու մտահոգութիւնը միշտ եղած է ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքական վարքագիծի առանցքային սկզբունքներէն մէկը:
Վերջին քանի մը օրերուն, Հայաստանի ներքին լարուածութեան ահագնացող թափը չէր կրնար անտարբեր թողուլ ՀՅԴի պատասխանատուները, որոնք առաջին իսկ պահէն առճակատումներէ խուսափելու, մթնոլորտը շիկացնելէ հեռու մնալու կոչով հանդէս եկան մամուլով:
Չբաւարարուելով կրաւորական կոչերով՝ ՀՅԴն իր կարելին ըրաւ հակադրուած կողմերը դէմ դիմաց բերելու եւ երկխօսութեան ճամբով մթնոլորտը հանդարտեցնելու ուղղութեամբ, եւ կը թուի, թէ կրցած է որոշ դրական տեղաշարժ մը ապահովել՝ իրականացնելով նախագահ Սարգսեան-Գագիկ Ծառուկեան հանդիպումը:
Կը յուսանք, որ այս աշխատանքը կ՛արդիւնաւորուի ոչ միայն այս պահու տագնապը հարթելով, այլեւ՝ երկրին մէջ հիմնական բարեփոխութիւններ սկսելու նախապայման ստեղծելով:
Այլապէս, այս միջնորդութիւնը կրնայ նկատուիլ երկու կողմերուն՝ աւելի ուժեղ ճակատումի մը պատրաստուելու ժամանակ շնորհող քայլ: Ի վերջոյ, բացայայտ էր, որ նախագահը Գագիկ Ծառուկեանին դէմ իր յարձակումը սկսած էր՝ առանց ճիշդ գնահատելու իր ժողովրդային խարիսխի թուլութիւնը, իսկ Ծառուկեան, իր օրինական պաշտպանութիւնը կազմակերպելու համար, տակաւին կարգադրութիւնները ամբողջացնելու ժամանակ չէր ունեցած հաւանաբար:
Հիմա շունչ քաշելու հնարաւորութիւն կայ. երկրի ու պետութեան գլուխէն փորձանքները հիմնովին չէզոքացնելու առիթը վատնելը ուղղակի անընդունելի պիտի ըլլայ։