ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինիա Նաու».- Երեւանի քաղաքապետարանը մերժած է այս շաբաթ Ազատութեան հրապարակին վրայ ընդդիմութեան հանրահաւաքի կայացումը՝ պարզաբանելով, որ՝ «եռեակ կոչուող երեք քաղաքական ուժերի ներկայացրած իրազեկման հիմքերը բաւարար չեն»:
«Բարգաւաճ Հայաստան», Հայ Ազգային Կոնգրես եւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնները Կիրակի օր յայտարարած էին 20 Փետրուարին միացեալ «շտապ» հանրահաւաքի կազմակերպման իրենց մտադրութեան մասին՝ ի պատասխան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ իշխող Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կողմէ ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի դէմ սկսած հետապնդումներուն:
Քաղաքապետարանը եռեակի հանրահաւաքի կայացման իր մերժումը հիմնաւորած է «Հաւաքների ազատութեան մասին» Հայաստանի օրէնքով, որով շտապ է այն հաւաքը, որ կը կազմակերպուի եւ կը կայացուի որեւէ իրադարձութեան հրատապ կերպով արձագանգելու նպատակով: Երկուշաբթի հրապարակած իր պատասխանին մէջ Երեւանի քաղաքապետարանը յայտարարած էր. «Շտապ հանրահաւաքի պաշտօնական հիմնաւորումը՝ «նախագահի՝ դեռեւս Փետրուարի 12ի ելոյթին արձագանգելու նպատակով», բաւարար հիմք չէ օրէնքի դրոյթի կիրառման համար»:
Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները չեն ընդունած քաղաքապետարանին պաշտօնական պարզաբանումները՝ նշելով, որ իրենք մտադիր են իրենց ծրագիրները գործադրել եւ անպայման հանրահաւաք կայացնել:
Ընդդիմութեան որոշ ներկայացուցիչներու համաձայն՝ եռեակը մտադիր է Ազատութեան հրապարակին վրայ Ուրբաթ օրուան հանրահաւաքէն ետք սկսիլ բաց նստացոյցի եւ շուրջօրեայ հանրահաւաքներու:
Իսկ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով կոչ ուղղած է ընդդիմութեան՝ մնալ «օրէնքի շրջանակներում», ինչպէս նաեւ բացառած է հանրահաւաքներու միջոցով իշխանափոխութեան հասնիլը:
«Իշխանափոխութիւն կը լինի՞, չի՞ լինի՝ դա պէտք է որոշի ընտրութիւնների ժամանակ ժողովուրդը. ժողովուրդը մինչեւ 2017 թուական վստահութեան մանդատ տուել է քաղաքական ուժերին, մինչեւ 2018 թուական վստահութեան մանդատ տուել է գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանին: Մնացածն արդէն հերթական ընտրութիւնների ժամանակ», յայտնած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.