ՊԵՐԼԻՆ.- Գերմանիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժ հանդիսացող «Ձախերու կուսակցութիւնը» (Die Linke) «Մերօրեայ Գերմանիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները. յիշել հայերու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնները» անունով բանաձեւ մը ներկայացուցած է Գերմանիոյ դաշնակցային հանրապետութեան խորհրդարանին (Պունտեսթակ):
Ըստ թրքական «Հիւրրիէթ» թերթին՝ վերոնշեալ բանաձեւը ստորագրած են «Ձախերու կուսակցութեան» խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Կրեկոր Կիսի, պատգամաւորներ Ուլլայ Էլփքէ, Վոլֆկանկ Հերքէ, Սեւիմ Տաղդելէն, Անտրէ Յունկօ, Նիէմա Մովասսաթի եւ Ալեքսանտր Նէու:
Բանաձեւին մէջ նշուած է, որ Հայաստան Եւրոպայի ամէնէն աղքատ երկիրն է, որուն բնակչութեան 1/3ը կ՛ապրի աղքատութեան մէջ: Հայաստան միաժամանակ Արեւմուտքէն եւ Արեւելքէն կը գտնուի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի շրջափակման մէջ:
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի նաեւ այն հանգամանքը, որ 1.5 միլիոն հայերու սպանութեան համար նաեւ Գերմանիան պատասխանատու կը նկատուի, որովհետեւ գերմանացի 800 սպայ եւ 45,000 զինուոր ընդգրկուած էին Օսմանեան կայսրութեան բանակին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.