ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 17 Փետրուարին ընդունած է Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Դաւիթ Ուսուփաշվիլիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Նախագահը ողջունած է հիւրը եւ գոհունակութեամբ ընդգծած, որ վերջին տարիներու բարձրաստիճան հանդիպումները պարբերական բնոյթ կը կրեն եւ նոր շունչ կու տան երկկողմանի յարաբերութիւններուն՝ կարելիութիւն տալով փոխադարձ այցելութիւններու ընթացքին քննարկել եւ լուծումներ գտնել հայ-վրացական բազմազան օրակարգի արդիական հարցերուն:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու Վրաստանի խորհրդարանի նախագահը համակարծիք եղած են, որ պատմական ամուր հիմքի վրայ կառուցուած հայ-վրացական եղբայրական եւ բարիդրացիական յարաբերութիւնները տարուէ տարի կ՛ամրապնդուին միջպետական մակարդակին վրայ՝ հաստատելով, որ այս իմաստով խորհրդարանականներուն դերը անփոխարինելի է:
Սերժ Սարգսեանն ու Դաւիթ Ուսուփաշվիլին կարեւոր նկատած են նաեւ երկու պետութիւններուն կողմէ ընթացիկ քաղաքական գործունէութեան մէջ իրարու համար սկզբունքային նշանակութիւն ունեցող զգայուն հարցերու ու խնդիրներու նկատմամբ հաւասարակշիռ եւ նրբանկատ վերաբերմունքն ու փոխադարձ շահերու յարգումը:
Դաւիթ Ուսուփաշվիլի գոհունակութեամբ խօսած է երեւանեան այցելութեան ծիրին մէջ ունեցած քննարկումներուն արդիւնքներուն մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնած է իր գլխաւորած պատուիրակութեան նկատմամբ ցուցաբերուող ջերմ հիւրընկալութեան համար: Ան ընդգծած է, որ իր այցելութեան նպատակն է անգամ մը եւս շեշտել եւ յստակ ուղերձ յղել Հայաստանի հասարակութեան, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի ընտրած համարկման տարբեր ուղիներէն անկախ, երկու բարեկամ երկիրներն ու ժողովուրդները մնայուն կերպով միասին են, կողք-կողքի: «Մենք կ՛ապրինք այնպիսի լարուած տարածաշրջանի մէջ եւ աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակի մէջ, որ մեր ժողովուրդներուն համար չափազանց կարեւոր են խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը: Համոզուած եմ՝ որքան յաճախակի ըլլան մեր հանդիպումները, եւ յստակ կերպով արտայայտենք մեր դիրքորոշումները, տեղւոյն վրայ արձագանգենք ծագող խնդիրներուն, այնքան պիտի նպաստենք մեր ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութեան եւ միջպետական կապերու առաւել ամրապնդման», նշած է Վրաստանի խորհրդարանի նախագահը: Անոր համաձայն՝ իր այս այցելութիւնը անգամ մը եւս հաստատեց այն համոզմունքը, որ Վրաստանի եւ Հայաստանի միջեւ չեն կրնար ըլլալ հիմնախնդիրներ, կան հարցեր, որոնք լուծելի են բանակցութիւններու միջոցով:
«Մեր երկրների յարաբերութիւնների մակարդակն այնպիսին է, որ թոյլ է տալիս անկեղծօրէն եւ անկաշկանդ քննարկել բոլոր հարցերն ու համատեղ լուծման ուղիներ գտնել՝ պահպանելով ամուր բարեկամութիւնը: Հայաստանը մշտապէս կարեւորում է Վրաստանի դերը ոբչ միայն երկկողմ յարաբերութիւնների զարգացման, այլեւ՝ Հարաւային Կովկասում տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման գործում», հաստատած է Սերժ Սարգսեան:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են տարածաշրջանի խնդիրներուն ու առկայ մարտահրաւէրներուն: Նախագահ Սերժ Սարգսեան հիւրերուն ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացը: Սերժ Սարգսեանն ու Դաւիթ Ուսուփաշվիլին խօսած են նաեւ Վրաստանի տարածքին մէջ հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան առնչուած հարցերու, Վրաստանի նոր արտօնագրային քաղաքականութեան գործադրութեան իբրեւ արդիւնք այդ երկրին մէջ բնակող Հայաստանի քաղաքացիներուն համար յառաջացող որոշակի խնդիրներուն մասին եւս՝ քննարկելով լուծման կարելիութիւնները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.