ՄՈՍԿՈՒԱ, ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «անտրամաբանական» որակեց Ռուսիոյ դէմ որդեգրուած Եւրոմիութեան նոր պատժամիջոցները՝ սպառնալով «յարմար» կերպով պատասխանել անոնց։
Եւրոպական Միութիւնը Փետրուար 16ին ընդարձակած էր Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու ցանկը՝ անոնց մէջ ներառելով 28 անձեր: Սահմանափակումները հրապարակուած են Եւրոմիութեան պաշտօնական ամսագիրին մէջ եւ ուժի մէջ մտած են հրապարակման պահէն:
Ցանկին մէջ ներառուած են Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Անաթոլի Անթոնով, երեսփոխան Եոսիֆ Քոպզոն եւ երեք այլ ռուսեր: Հոն ներառուած են նաեւ արեւելեան Ուքրանիոյ 14 քաղաքացիներ եւ 9 կազմակերպութիւններ:
Միացեալ Նահանգներ եւ եւրոպական շարք մը երկիրներ պատժամիջոցներ կը սահմանեն Ռուսիոյ դէմ, Ուքրանիոյ հարցով անոր դիրքորոշման պատճառով:
Նշենք, որ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ զինադադար հաստատելու համաձայնութիւնը, որ Փետրուար 15ին ի զօրու դարձաւ, արդէն իսկ սկսած է ձախողելու նշաններ ցոյց տալու, երկուստեք հաղորդուող խախտումներուն հետեւանքով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.