ՔՈՓԵՆՀԱԿԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Դանիոյ ոստիկանութիւնը Փետրուար 16ին յայտարարած է, որ հրացանաձգութեան մը ընթացքին սպաննած է անձ մը, որ կը կարծուի գործած ըլլալ մայրաքաղաք Քոփենհակընի մէջ հրէական տաճարի մը եւ մշակութային կեդրոնի մը դէմ յարձակումները, որոնք ոստիկանութեան շարքերուն մէջ պատճառած էին 2 զոհ եւ 5 վիրաւոր:
Հրէական տաճարին դէմ յարձակումը տեղի ունեցած էր Կիրակի օր. յարձակումին պատճառով հրեայ մը սպաննուած էր եւ երեք ոստիկաններ վիրաւորուած էին, իսկ Շաբաթ երեկոյեան 2 զոհ եւ շարք մը վիրաւորներ պատճառած յարձակումին թիրախն էր մշակութային կեդրոն մը, ուր տեղի կ՛ունենար խօսքի ազատութեան շուրջ կլոր սեղան՝ մասնակցութեամբ Մուհամմատ մարգարէի ծաղրանկարներու հեղինակ Լարս Վիլքսի: Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Դանիոյ մօտ Ֆրանսայի դեսպանը:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ այսպիսի յարձակումներ պիտի շարունակուին, եւ Եւրոպայի հրեաներուն կոչ ուղղեց հաւաքաբար ներգաղթելու Իսրայէլ՝ նշելով, որ Իսրայէլ իւրաքանչիւր հրեայի հայրենիքն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.