ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմինը, իր մօտեցումները, ծրագիրները, երկրէն ներս առկայ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական խնդիրներու վերաբերեալ իր դիրքորոշումները ներկայացնելու, բացատրելու նպատակով նախաձեռնած է հանրային քննարկումներ հասարակութեան տարբեր շերտերու ներկայացուցիչներու հետ:
Երեքշաբթի, Փետրուար 17ի երեկոյեան, ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, Բիւրոյի անդամ Սպարտակ Սէյրանեան, ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան եւ ԳՄ անդամ Լիլիթ Գալստեան հանդիպած են շուրջ քսան յայտնի մտաւորականներու հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ՀՅԴ ծրագրային հարցեր, ինչպէս նաեւ երկրին առջեւ ծառացած այժմէական հարցեր:
Հանդիպման ներկայ մտաւորականներու շարքին էին գրողներ Յակոբ Մովսէսը, Արմէն Դաւթեանը, Հենրիկ Էդոյեանը, փաստավաւերագրող Գարիկ Զաքոյեանը, պատմաբան Ալբերտ Ստեփանեանը, գրականագէտ Եուրի Խաչատրեանը, քանդակագործ Տիգրան Արզումանեանը եւ ուրիշներ:
Հանդիպման մասնակիցները տագնապով արձանագրեցին երկրէն ներս ստեղծուած խորքային ճգնաժամի իրողութիւնը, օրէ օր իշխանութեան եւ ժողովուրդին միջեւ ահագնացող վիհը, ընդգծեցին խորքային փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.