ԵՐԵՒԱՆ.– Կեդրոնական դրամատան հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ Ռուսիայէն Հայաստան փոխանցուած գումար-ները մեծ անկում արձանագրած են։ Մասնաւորապէս 2014ի Դեկտեմբերին Ռուսիայէն Հայաստան փոխանցուած է մօտաւորապէս 108 միլիոն տոլար: 2013ի նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատելով՝ դրամային փոխանցումները նուազած են աւելի քան 40 տոկոսով: 2013ի նոյն ամիսը Ռուսիայէն Հայաստան փոխանցուած էր 171 միլիոն դոլար: Իսկ 2013ի 4րդ եռամսեակին փոխանցումներու ընդհանուր գումարը 517 միլիոն տոլար է, մինչ 2014ի վերջին եռամսեակին անիկա եղած է 170 միլիոն տոլարով նուազ: Ռուսիա աշխատող Հայաստանի քաղաքացիները 2014ի վերջին եռամսեակին՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատելով, 35 տոկոսով նուազ դրամ փոխանցած են Հայաստան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.