
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան անվերջանալի հանգրուաններուն ընթացքին, պետական բարձրաստիճան բազմաթիւ պաշտօնեաներ հարցաքննուեցան դատարանի ու ապահովութեան տնօրէնութեան պատասխանատուներուն կողմէ, բայց ինչպէս գիտենք, այս բոլորէն տակաւին դուրս չէ եկած կամ չէ հրապարակուած շօշափելի արդիւնք մը, բացի անկէ, որ որոշ բաներ գաղտնի կը պահուին հանրային կարծիքէն, կամ կան շրջանակներ, որոնք չեն ուզեր անոնց հրապարակումը։
Հրանդ Տինքի ընտանիքի փաստաբան Հաքան Պաքըրճօղլու այս օրերուն նոր անուն մը դրաւ հրապարակի վրայ ու պահանջեց, որ ան եւս հարցաքննուի։ Ան է այդ ժամանակաշրջանի Տրապիզոնի Նահանգային ապահովութեան լրաքաղութեան բաժինի տնօրէն, իսկ այժմ՝ Ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան Պոլսոյ բաժինի նախագահ Էնկին Տինչը։
Պաքըրճօղլու, դատախազութեան յանձնեց դիմումնագիր մը, որուն մէջ դիտել տուաւ, որ վերոյիշեալ անձն ալ առաջին կարգի պատասխանատուութիւն ունի Հրանդ Տինքի սպանութեան արգելք չըլլալու խնդիրին մէջ։
«Սի.Էն.Էն.»ի հաղորդումին համաձայն՝ փաստաբանը դատախազութեան յանձնեց 7 էջնոց դիմումնագիր մը, ուր դիտել կը տրուի, թէ Էնկին Տինչ 26 Օգոստոս 2001 թուականէն մինչեւ 28 Օգոստոս 2006, նման պատասխանատու պաշտօնի մը վրայ գտնուած է, ուստի՝ առաջնակարգ պատասխանատուութիւն ունեցողներէն մէկն է։
Դիմումնագիրին մէջ փաստաբանը յիշեցուց, որ Պոլսոյ կուսակալութեան պաշտօնատարները եւս, գիտնալով հանդերձ, թէ Հրանդ Տինքի դէմ սպառնալիքներ կային ու անոր կեանքը վտանգուած էր՝ ոճիրին արգելք ըլլալու որեւէ միջոցի մը չդիմեցին։ Նոյնպէս, Տրապիզոնի նահանգային ոստիկան զօրաց հրամանատարութիւնն ու Տրապիզոնի նահանգային ապահովութեան տնօրէնութիւնը գիտէին, թէ սպանութիւն պիտի կատարուի, բայց որեւէ գործողութիւն չկատարեցին սպանդը կազմակերպող մարմինին դէմ։
Հրանդ Տինքի ընտանիքի փաստաբանը իր դիմումնագիրի վերջաւորութեան մէկ առ մէկ կը յիշէ բոլոր այն պետական պաշտօնեաները, որոնք ցարդ հարցաքննուած են, ապա կ՛աւելցնէ, թէ մինչ այդ՝ Էնկին Տինչ մինչեւ այսօր երբեք չէ հարցաքննուած, եւ կը պահանջէ, որ ա՛ն եւս անյապաղ հարցաքննուի պատկան իշխանութիւններուն կողմէ։