Յատուկ այս հանդիսութեան բացումը կատարեց ԱՖՀԻԼի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, հակիրճ տողերու մէջ յետադարձ ակնարկով անդրադարձաւ ԱՖՀԻԼի հիմնադրութեան, նպատակին եւ գլխաւոր իրագործումներուն:
1998ին շուրջ 365 անդամներով հայ ընկերային ծառայողներու, ԼՕԽի եւ Համազգայինի կողմէ հիմնուած իրերօգնութեան այս կազմակերպութիւնը հետզհետէ իր գործունէութիւնը ծաւալելով, 2014ին վեց հազար անդամներու բարձրացուց իր թիւը:
2006ին հիմնեց մարզական կեդրոններ Պուրճ Համուտի եւ ապա՝ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ: Մօտերս կը ծրագրուի հիմնել մարզական երրորդ կեդրոնը՝ Ֆանարի մէջ: ԱՖՀԻԼ այս տարի կը ծրագրէ հրատարակել 48 էջերէ բաղկացած 1500 տպաքանակով նախազգուշական պարբերաթերթ՝ տարեկան հինգ թիւերով:
«Մեր ուսանողները մեր ապագան են» ըսելով՝ Լատոյեան նշեց, որ այս տարի հարիւր միլիոն լիբանանեան ոսկի պիտի տրամադրուի կրթանպաստի, որուն յիսուն միլիոնը պիտի յատկացուի համալսարանական ուսանողներուն, երեսուն միլիոնը՝ դպրոցական աշակերտներուն եւ քսան միլիոնը՝ ԼՕԽին, «Զուարթնոց» կեդրոնին, «Հորիզոն»ին եւ Համազգայինին:
Ապա ան խօսքը փոխանցեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական խմբակի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիին:
«Սրտի խօսքէ աւելի, ես հպարտութեան խօսք կ՛ուզեմ փոխանցել, ա՛յն հպարտութեան, որ ԱՖՀԻԼի նման հաստատութիւններ մեր ժողովուրդին կու տան», ըսաւ Յակոբ Բագրատուն:
Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ ԱՖՀԻԼը ժողովուրդէն կ՛առնէ եւ փոխարէնը ժողովուրդին կը մատուցէ ծառայութիւն եւ կը տրամադրէ նիւթական օգնութիւն՝ համալսարանականներու, աշակերտներու եւ մեր կեանքին մէջ գործող չորս ազգային միաւորներու: «Կու տայ մեր ժողովուրդի յատկապէ՛ս երիտասարդ դասուն՝ որոշ չափով թեթեւցնելով անոր կրթական նիւթականի բեռը», ընդգծեց ան:
«Երիտասարդութիւնը մեր ժողովուրդի ներկան է եւ մեր ապագան: Երիտասարդութիւնը ի՛նքն է, որ մեր ժողովուրդի գոյատեւումը կ՛ապահովէ, ի՛նքն է, որ մեր ժողովուրդին ապագան կը կերտէ եւ ի՛նքն է, որ կը շարունակէ զարգացնել, աւելի բարգաւաճ դարձնել մեր ապագայ տարրին կեանքը», ընդգծեց Բագրատունի եւ աւելցուց. «Մեզի կը մնայ երախտապարտ ըլլալ, որովհետեւ երախտագիտութիւնը մարդկային լաւագոյն առաքինութիւններէն է, գիտնա՛նք շնորհակալութիւն ըսել եւ յետագային չբաւարարուիլ «շնորհակալութիւն» ըսելով, այլ՝ նուիրել, ուրախութեա՛մբ նուիրել, վերադարձնել այն, ինչ որ տրուած է մեզի»: Բագրատունի այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ԱՖՀԻԼին, անոր աշխատակազմին ու անոր հետ գործող միաւորներուն եւ տնօրէնին, որ ոգի ի բռին լծուած է այս աշխատանքի յաջողութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.