28 հովանաւորներով ճամբայ ելած բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ կառավարութեան ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ աշխատելու հարցը արդար լուծման յանգեցնելու, կը դատապարտէ ուրացումն ու կը խրախուսէ Հարաւային Տաքոթայի դպրոցներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին դասաւանդումը: Բանաձեւը նաեւ կ՛ակնարկէ յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութեան:
Բանաձեւը 2015ը կը հռչակէ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակութեան տարի եւ կոչ կ՛ուղղէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին եւ նախագահին պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
«Ամերիկահայերը ջերմօրէն կ՛ողջունեն Հարաւային Տաքոթայի քաղաքացիներուն ու կառավարութեան այս շարունակական զօրակցութիւնը, որ սկիզբ առած է Հայոց Ցեղասպանութեան օրերէն, երբ անոնք իրենց բարեգութ աջակցութիւնը բերին վերապրող որբերուն», յայտարարեց Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Էլէն Ասատրեան:
Հարաւային Տաքոթայի քաղաքացիները իրենց մասնակցութիւնը բերած են Մերձաւոր Արեւելքի Նապաստամատոցի կազմակերպած հայ որբերու ի նպաստ հանգանակութեան՝ 1915-1930 թուականներուն:
Ասատրեան նաեւ դրուատեց Հարաւային Տաքոթայի Ներկայացուցիչներու տան անդամ Սթիւ Հիքլին, որ բանաձեւի գլխաւոր հեղինակներէն էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.