ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 2015 թուականի Յունուար-Փետրուար ամիսներուն «Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայանները սպասարկած են 234,792 ուղեւորի։ Այս թիւը շուրջ 95ով նուազ է 2014 թուականի նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշէն՝ 234,887 ուղեւոր։ Այս տեղեկութիւնները փոխանցած է կառավարութեան առընթեր «Քաղաքացիական աւիացիայի գլխաւոր վարչութեան» մամլոյ ծառայութիւնը: Ըստ հաղորդագրութեան՝ այս տարուան առաջին երկու ամիսներուն մեկնողներուն թիւը կազմած է 123,164 ուղեւոր, իսկ ժամանած է 111,628 ուղեւոր, մեկնողներուն եւ ժամանողներուն թիւի բացասական հաշուեկշիռը կը կազմէ 11,536: Նախորդ տարուան առաջին երկու ամիսներուն այդ երեք ցուցանիշները կազմած են, համապատասխանաբար, 123, 403, 111,628 եւ 11,919:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.