ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը մեր ազգին ծառայող կուսակցութիւն է, որուն շարքերը կու գան մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերէն:
Կուսակցութի՞ւնը իր անդամները կ՛ընտրէ, թէ ո՛վ կ՛ուզէ՝ կրնայ անցնիլ անոր շարքերը:
Քիչ մը երկուքը: Դաշնակցութեան կանոնագիրին համաձայն՝ կուսակցութեան անդամ կրնայ դառնալ 18 տարեկանէն վեր բարոյականի տէր իւրաքանչիւր հայ, որ պատրաստ է ծառայելու հայ ժողովուրդին ու անոր ազատագրութեան դատին:
Կանոնագիրով նաեւ յստակացուած է շարքերը մտնելու կարգը: Թեկնածուն դիմումնագիր կը գրէ իր ապրած շրջանէն ներս գործող կուսակցական միաւորին՝ կոմիտէութեան: Կը պահանջուի երկու կուսակցականի երաշխաւորութիւնը: Եթէ թեկնածուն ոեւէ կուսակցական ծանօթ մարդ չունի, ատիկա պէտք չէ արգելք ըլլայ դիմելու: Կոմիտէութիւնը ընդունելէ ետք դիմումնագիրը, կը հանդիպի թեկնածուին հետ, ապա ան կ՛անցնի դաստիարակչական պատրաստուած ծրագիրի մը բովէն: Այս ծրագիրը հնարաւորութիւն կու տայ թեկնածուին խորացնելու Դաշնակցութեան մասին իր ծանօթութիւնը, ըմբռնելու անոր գաղափարախօսութիւնը, ճանչնալու անոր պատմութիւնը: Այս շրջանին, թեկնածուն կրնայ կուսակցութեան միանալու իր որոշումը վերջնականացնել, իսկ դիմումնագիր ընդունողները իրենց տպաւորութիւնը կը յստակացնեն անձիս մասին:
Մնացածը արարողակարգային է՝ երդում, մուտք ՀՅԴ շարքերը եւ գործ:
Եթէ հետաքրքրուած էք, ապա պէտք է գտնէք ձեր շրջանի ՀՅԴ կառոյցը: «Ասպարէզ» կրնայ օգտակար ըլլալ՝ ուղղորդելով ձեր քայլը: