
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Չի բաւեր, որ դժուարութիւն ունինք Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը քաղաքական հունով յառաջ մղելու։
Մատնուած ենք նաեւ ցուցական մեր քայլերուն քաղաքական հնչեղութիւն տալու եւ քարոզչական թափ ապահովելու դժուարութեան։
Ինչի՞ մասին է խօսքը։
Խօսքը նախ թրքական պետութիւնը, միջազգային բեմահարթակի վրայ, դատ-դատաստանի առջեւ կանգնեցնելու եւ մեր արդար Իրաւունքը պահանջելու քաղաքական դժուարութեան մասին է։
Ապա՝ խօսքը պահանջատիրական մեր քայլերն ու ելոյթները օտար հանրային կարծիքին լսելի, ուշագրաւ, այլեւ հասկնալի դարձնելու մեր հնարաւորութեանց եւ պաշարներուն սահմանափակութեան մասին է։
Թրքական պետութեան գործադրած Հայոց Ցեղասպանութենէն հարիւր տարի անցած է, բայց ազգովին տակաւին ի վիճակի չենք աշխարհի կարգն ու սարքը տնօրինող ուժերուն պարտաւորեցնելու, որ քաղաքական ու քաղաքակիրթ ճանապարհով հաշուետուութեան կանչեն յանցագործը՝ Թուրքիան։
Իսկ ցեղասպան պետութիւնը, իր ժառանգորդներուն բերնով, կը շարունակէ ժխտել եւ կը մերժէ հաշիւ տալ իր հեղած մէկուկէս միլիոն հայերու անմեղ արեան համար, հայրենի մեր հողերուն հայաթափման ու բռնագրաւման համար, Թուրքիոյ տարածքին վերապրող հայ բեկորները ամէն գնով ապահայացնելու, հայ քաղաքակրթական ամէն հետք քանդելու կամ ջնջելու իր հետեւողական քաղաքականութեան համար։
Փաստօրէն միայն անցեալի պատմութիւն չէ, այլեւ իր հետեւանքներով շարունակուող ոճիր է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Այդուհանդերձ՝ երկրագունդի տիրական աշխարհակարգը ղեկավարող մեծապետական ուժերը, ինչպէս եւ անոնց ծիրին մէջ հուլօրէն թաւալողները չեն վարանիր «մեծահոգաբար» մեր «նահատակ ցեղ»ին յորդորելու, որ անցեալի արհաւիրքին մէջ թաղուած չմնանք այլեւս, այլ՝ դուրս գանք դէպի 21րդ դար եւ քաղաքական ու քաղաքակիրթ երկխօսութեամբ լեզու գտնենք Թուրքիոյ հետ։
Բայց երբեւիցէ եղա՞ծ է կամ գտնուա՞ծ է, հզօրներուն եւ անզօրներուն միջեւ, Իրաւունքի ու Արդարութեան հանդէպ յարգանք պարտադրելու քաղաքական եւ քաղաքակիրթ ճանապարհ։
Անշուշտ՝ ո՛չ։
Ի վերջոյ ամբողջ հարիւր տարի մենք ձեռնածալ չնստանք, ոչ ալ մեղկ ու հոյլ կեանքով սպասեցինք, որ միջազգային ընտանիքը մեր փոխարէն ի՛նք ձեռքը կրակին մէջ դնէ եւ մեզի բաժին ինկած…
Իրաւունքի ու Արդարութեան «շագանակը» դուրս հանէ եւ տայ պահանջատէրին։
Մեծ Եղեռնէն ասդին ամբողջ չորս սերունդ մենք ամէն դուռ զարկինք եւ ամէն եղանակ նուագեցինք, որպէսզի քաղաքական եւ քաղաքակիրթ ճանապարհով արդար լուծումը գտնուի Հայկական Հարցին։
Թուրք պետական մտածողութենէն առաջ եւ անդին՝ հայ քաղաքական միտքը ամէն հիմք ունէր եւ տակաւին ունի, որպէսզի հայեւթուրք յարաբերութիւնները ի վերջոյ ձերբազատուին դահիճի եւ զոհի, բռնագրաւողի ու իրաւազրկեալի թունաւոր ժառանգութենէն, այլեւ՝ ազգային թշնամանքի անբուժելի քաղցկեղէն։
Հաշտարար այդ առաջադրանքը կիզակէտն էր նոյնիսկ հայկական բողոքէն ժայթքած հակաթուրք ուժական պայքարին, որ 40 տարի առաջ ոտքի հանեց պահանջատէր հայ երիտասարդութիւնը Սփիւռքի տարածքին՝ դառնալով վերանորոգման աղբիւրը հայ ազգային-ազատագրական շարժման մերօրեայ զարթօնքին։
Հայ Դատի ուժական պայքարին հատու հարուածներն էին, որոնք ի վերջոյ աշխարհին լսելի ու հասկնալի դարձուցին հայկական պահանջատիրութիւնը։
Գաղափարական ամուր հիմք ունէր բացառապէս թրքական պետութեան ներկայացուցիչ դեսպաններուն եւ հիւպատոսներուն դէմ ուղղուած Հայ Դատի ուժական պայքարը։
Թուրք ժողովուրդին դէմ ուղղուած չէր Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ քաշուած ոճրային մեծ լռութեան, այլեւ՝ հերքումի ու ժխտման ծանր պատը քանդելու «Հայկական Ահաբեկչութիւն»ը։
Թրքական պետութիւնը փաստօրէն քաղաքական եւ քաղաքակիրթ ճանապարհով արդար հաշտութեան հասնելու ամէն ելք փակած էր պահանջատէր հայութեան առջեւ։
Անզօրութեան եւ յուսահատութեան մատնուած պահանջատէր հայութեան վերջին զէնքն է՛ր եւ այդպիսի՛ն եղաւ Հայ Դատի ուժական պայքարը, որպէսզի Թուրքիան ու մեծապետական աշխարհը պարտաւորուին քաղաքական լուծման խոստումներ տալու մեր ժողովուրդին։
Ամբողջ դարաշրջան մը՝ իր երկբեւեռ աշխարհակարգով, հիմնովին վերիվայրումներէ անցած է եւ պատմութեան զամբիւղը նետուած է այդ ժամանակներէն ասդին։
Համապատասխան փոփոխութենէ անցած է նաեւ հայ ժողովուրդը՝ բռնագրաւեալ իր հայրենիքէն փրկուած ու հայկակա՛ն պահուած փոքր հողակտորին վրայ։
Ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան վերականգնումով եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կայացումով՝ հայրենաբնակ հայութիւնը քաղաքական ու պետական ամուր հիմք ստեղծած է Հայեւթուրք Կնճիռի արդար լուծման համար։
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Համահայկական Հռչակագիրը ամէնէն խօսուն եւ միանգամայն անկեղծ վկան է՝ հայեւթուրք յարաբերութեանց առջեւ Իրաւունքի եւ Արդարութեան քաղաքական ու քաղաքակիրթ ճանապարհը բաց պահելու ազգային մեր միասնական կամքին։
Թրքական պետութիւնը եւ անոր այս կամ այն առումով հովանաւորութիւն շնորհող մեծապետական ուժերը պիտի կարենա՞ն, ի վերջոյ, աւազէն դուրս հանել իրենց գլուխը, որպէսզի տեսնեն եւ փորձեն բռնել արդար հաշտութեան ուղղութեամբ պահանջատէր հայութեան երկարած միասնական ձեռքը։
Լաւատեսութեան հիմք չկայ։
Հորիզոնին վրայ տակաւին կուտակուած կը մնան մութ ամպերը։
Ընդհակառակն՝ թրքական պետութիւնը նորանոր սադրանքներ կ՛որոճայ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը անցեալին մէջ թաղելու համար, հայ ժողովուրդին հանդէպ Իրաւունքի ու Արդարութեան իր պարտքը կատարելու պարտաւորութենէն խուսափելու համար։
Բնականաբար կը հետեւի, որ պահանջատէր հայութեան այսօրուան երիտասարդները դժուարութիւն ունին, պիտի՛ ունենան՝ Իրաւունքի եւ Արդարութեան մեր դատը աշխարհին, նաեւ ու մանաւանդ Թուրքիոյ լսելի եւ հասկնալի դարձնելու համար։
Երբ պետական պահանջատիրութեան մակարդակին բարձրացուցած ենք Հայ Դատի հետապնդումը, պահանջատիրական մեր քայլերն ու ելոյթները ակամայ շատ բան կը կորսնցնեն իրենց քարոզչական հնչեղութենէն։
Պատահական չէ, որ տեղ մը պահանջատէր հայորդիներ «լուռ բողոք»ի դիմեն եւ իրենց «կռնակը դարձնեն» օտար թէ թուրք այն դասախօսներուն, որոնք կը փորձեն խեղաթիւրել Հայեւթուրք Կնճիռին էութիւնը՝ հերքելով ու ժխտելով հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ պետականօրէն կազմակերպած ցեղասպանութեան փաստն անգամ։
Նաեւ զարմանալի չէ, որ ուրիշ տեղ մը պահանջատէր հայը, թուրք դեսպանին ժխտողականութեան դէմ բողոքելու համար, անոր երեսին կամ վրան «Նուռի հիւ»չ շպրտէ…
Խօսքը, հետեւաբար, մերօրեայ աշխարհին ա՛յս առումով լսելի կամ հասկնալի ըլլալու դժուարութեան մասին է։
Համացանցի եւ հեռուստատեսային պաստառի վրայ ամէնէն ծայրայեղական, արմատական եւ մոլեռանդ վայրագութեան դրսեւորումներուն արդէն վարժուած մերօրեայ մարդուն ինչպէ՞ս պիտի կարենան հասնիլ հայութեան «մեղմ», չսելու համար «մեղկ» պահանջատիրական ձայներն ու պատգամները։
Վերջապէս՝ խօսքը այսօրինակ անզօրութեան զգացումին մասին է, որ այսօր կը կրծէ բոլորս՝ իբրեւ պետութիւն թէ հասարակութիւն, իբրեւ քաղաքական թէ հոգեւորական իշխանութիւն, իբրեւ կազմակերպութիւն թէ հեղինակութիւն, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի։
Անզօրութիւնը նահատակուած ժողովուրդի մը զաւակներուն, որոնք չեն ուզեր վհատիլ Իրաւունքի եւ Արդարութեան տանող քաղաքական ու քաղաքակիրթ ուղին գտնելու իրենց սիզիֆեան որոնումին մէջ, ոգորման ոլորապտոյտին մէջ։