ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Կազմակերպութեամբ «Արփա» հիմնարկին, Հինգշաբթի, Մարտ 12ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին տեղի պիտի ունենայ Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած իր մեծ մօր պատմութեան նուիրուած «Like Water on Stone» վէպի հեղինակ դոկտ. Տանա Ուալրեթի հատորի ներկայացումը։
Պատանիներու համար գրուած այս գործին հեղինակը արուեստագէտ եւ մարդաբան մըն է, որ կը դասախօսէ Վըրմանթի համալսարանի բժշկական բաժանմունքին մէջ:
Դոկտ. Ուալրեթ պիտի խօսի նաեւ Հայաստանի մէջ իբրեւ «Ֆուլպրայ»չի մտաւորական իր անցուցած մէկ տարուան ու 1984ին՝ Պատմական Հայաստան կատարած իր այցելութեան փորձառութեանց մասին:
Հատորը Հայաստանի մէջ շարժապատկերի վերածելու աշխատանքը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է՝ նպատակ ունենալով զայն ցուցադրել այս տարուան Ապրիլին, Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով:
Դասախօսական ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Մերտինեան վարժարանի «Արամ եւ Անահիս Տի. Պուլղուրճեան» սրահին մէջ (13330 Riverside Dr., Sherman Oaks, CA, 91423):
Մուտքը ազատ է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին՝ (818) 453-0618 թիւով կամ
info@ARPAInstitute.org հասցէով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.